2015-12-20 12:52:00

Այցելութիւն ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին


Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր  Գէորգ Ասատուրեան, ընկերակցութեամբ Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեանին եւ տիար Սարգիս Նաճարեանին,  Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2015, կ․ ետք այցելեց ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի փոխ ներկայացուցիչ Աւօ Կիտանեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած ջերմ խօսակցութիւնը շօշափեց համազգային շահեկանութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ ընդհանրապէս լիբանանցիները յուզող խնդիրներ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.