2015-12-19 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական շոգեկառքի ընկերութեան աշխատակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 19 դեկտեմբերի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական շոգեկառքի ընկերութեան 7 հազար աշխատակիցներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ  նախ բարի գալուստի ողջոյնը յայտնեց ներկաներուն մատնանշելով թէ Իտալական շոգեկառքի ընկերութիւնը մէկ դարէ ի վեր կը գործէ եւ ասոր համար հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ. Ան ապա հրաւիրեց շնորհակալ ըլլալ բոլոր անոնց որոնք ժրաջան աշխատանք տարին իրականացնելու համար այս ծրագիրը ու վերյիշեց բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին աշխատանքի ժամանակ յոյս յայտնելով որ այդպիսի մահեր դարձեալ չի կրկնուին։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց շոգեկառքի ընկերութեան աղքատներուն ի սպաս գործունէութեան ծրագրուած զանազան ձեռնարկներուն, որոնց շարքին է նաեւ Հռոմի ''Թերմինի'' անուամբ շոգեկառքի կայանի Քարիթասի  Տոն Լուճի Տի Լիէկրօ օթեւանը որ ամէն օր իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ հարիւրաւոր աղքատներ։

Մատնանշելով հուսկ Յոբելենական Տարւոյն, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Ողորմութիւնը մարդու առաջին եւ իսկական ''դեղն'' է որուն կը կարօտի մեզմէ իւրաքանչիւրս։ Ան առատութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կը բխի Աստուծմէ, սակայն պարտական ենք մեր կարգին զայն մատուցել փոխադարձօրէն որպէսզի մեզմէ ամէն մին կարենայ ապրիլ մարդկութեան լիութիւնը։ Ճիշդ այս է որ կը խորհրդանշեն աշխարհի թեմերուն մէջ այս օրերուն բացուած Սուրբ Դռները. դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ բոլոր անոնք որոնք այդ դռներէն սիրով կ՛անցնին  պիտի գտնեն ներում եւ սփոփանք ու պիտի մղուին նուիրելու եւ նուիրուելու վեհանձնութեամբ, անձնական ու եղբայրներու փրկութեան համար։

''Թոյլ տանք որ բոլորս նորոգուինք այս հոգեւոր դուռի անցքէն։ Թոյլ տանք յափշտակուելու Ողորմութեան Յոբելեանէն որպէսզի մեր ընկերութեան հիւսուածքները բարեփոխուին ու դառնան աւելի արդար եւ զօրակից'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը եւ խօսքը եզրափակեց մատնանշելով Քահանայապետերու եւ Իտալական շոգեկառքի ընկերութեան միջեւ տիրող յարաբերութիւններուն ու մաղթանք յայտնելով որ այս սուրբ տարուայ ընթացքին անոնք աւելիով ամրապնդուին ու Իտալիան եւ համայն աշխարհի երկիրները դառնան զօրակցութեան ցանց մը, իրապէս մարդկային, ու միշտ աւելիով կարող ուրախանալու Աստուծոյ սիրով եւ փոխադարձ հաղորդութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.