2015-12-19 09:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց եղբայրօգնութեան սուրբ դրան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յոբելենական տարուայ նոր հանգրուան մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ` 18 դեկտեմբերի  յետմիջօրէի 4,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի շոգեկառքի ''Թերմինի'' կայանի մօտ գտնուող Քարիթասի ''եղբայրօգնութեան սուրբ դրան'' բացումի արարութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քարիթասի անօճախ ու կարիքաւոր հիւրերը։

Դռնբացէքի արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը Քարիթասի ''Հայր Լուիճի Տի Լիէկրօ'' անուան սեղանատան մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագ։

''Այս է Տիրոջ դուռը։ Բացէք դուռն արդարութեան։ Տէր` Քու անսահման ողորմութեանդ շնորհիւ պիտի մտնեմ այս տան մէջ''։ Այս բառերով է որ Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարեց Քրիթասի եղբայրօգնութեան սուրբ դրան։ Ապա պահ մը աղօթելէ ետք մուտք գործեց եւ սկիզբ տուաւ սուրբ զոհին որուն ընթացքին արտասանած սրտաբուխ քարոզին մէջ շեշտը դրաւ փրկութեան ճանապարհին վրայ հաստատելով թէ հարստութեան, հպարտութեան եւ ունայնութեան ուղիները փրկութեան չեն առաջնորդեր` փրկութիւնը կը կայանայ խոնարհութեան եւ հեզութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց որ Տէրը բանայ նաեւ մեր սրտերու դռները ապա յորդորեց Աստուած փնտռել կարիքաւորներուն մէջ. ''Եթէ կ՛ուզես Աստուած գտնել, փնտռէ զայն հեզութեան մէջ փնտռէ զայն աղքատութեան մէջ այնտեղ ուր Ան կը թաքնուի` կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, անօթիներուն ու բանտարկեալներուն մէջ''։

Սրբազան Հայրը ապա խնդրեց աղօթել Հռոմի ու անոր համայն բնակիչներուն համար, ''սկսեալ ինձմէ, որպէսզի Տէրը մեզի շնորհքը պարգեւէ մենք զմեզ ''աւելցուկներ'' զգալու որովհետեւ մենք ոչ մէկ արժանիք ունինք. Միայն Ինքն է որ մեզի կը պարգեւէ ողորմութիւն ու շնորհք եւ որպէսզի այս շնորհքին մօտենանք մենք մօտենալու ենք ''աւելցուկներուն''` աղքատներուն ու անոնց որոնք առաւելապէս օգնութեան կարիքն ունին։

Թող Տէրը այսօր, այս դուռը բանալով մեզի պարգեւէ շնորհքը յառաջ ընդանալու ողորմութեան ողջագուրումով, այնտեղ ուր հայրը կ՛ընկալէ վիրաւոր զաւակը թէեւ վիրաւոր է նաեւ հայրը։ Աստուծոյ վէրքը սէրն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ասոր համար Ան կարող է մեզ բոլորս փրկել։

Սուրբ պատարագի աւարտին երբ ներկաները Քահանայապետին տարեդարձին առթիւ անոր երգեցին ''բարի տարեդարձ'' մաղթերգը Ֆրանչիսկոս Պապ բաղձանք յայտնեց ըսելով ''Այս Սուրբ Ծնունդին կ՛ուզէի որ Տէրը ծնի մեր ամէն մէկուն սրտին մէջ, թաքուն կերպով....ձեզի կը մաղթեմ Տիրոջ այս մօտիկութիւնը։ ես կ՛աղօթեմ ձեզի համար, դուք ալ ինծի համար աղօթեցէք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.