2015-12-19 09:30:00

''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կազմակերպութեան ծրագիրները ի սպաս գաղթականներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն վատիկանեան մարդասիրական կազմակերպութիւնը 19 ծրագիրներ իրագործած է Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն ի սպաս անոնց բաշխելով սնունդ, դեղորայք, ապաստան ու հոգեւոր ներկայութիւն։

2014էն մինչեւ այսօր վատիկանեան այս  հիմնարկը  ծախսած է 15 միլիոն եւրօ Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն ի նպաստ մինչ Սուրիոյ մէջ 2011էն այսօր ծախսած է 9 միլիոն եւրօ։

Միջին Արեւելքի պատասխանատու հայր Հալեմպայի գնահատումով ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կազմակերպութիւնը միակ մարմինն է որ օգնութեան կը հասնի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։ Նոր ծրագիրներու շարքին ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կը նպատակադրէ մանկամսուր կառուցանել 125 մանուկներու համար որոնք ապաստան գտած են Պաղտատ։

2014-ին վերոյիշեալ մարմինը Քիւրտիստանի մէջ կառուցած է 8 դպրոցներ ուր կը յաճախեն աւելի քան 7·000 մանուկներ։

Մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը դրամական օգնութիւն կը շնորհէ նաեւ 182 ընտանիքներու ։ Էրպիլի առաջնորդին գնահատումով Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բերած սատարը վճռական ու կենսական եղաւ եկեղեցւոյ համար։ Նոյնն է նաեւ  Սուրիոյ պարագային։ Հոմս քաղաքին մէջ ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութիւնը առօրեայ կերակուր կը բաշխէ 4500 արտահան ընտանիքներուն իսկ Մարմարիդաˋ  հովիտը ապրող քրիստոնեաներուն` դպրոցական ծախսերը կը հոգայ։  Յայտնենք նաեւ  թէ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը ինքնաշարժ շնորհած է Սալեզեան կրօնաւորուհիներուն որոնք նուիրումով կը ծառայեն Դամասկոսի իտալական հիւանդանոցին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.