2015-12-18 09:02:00

ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումները նուազագոյն 17 եկեղեցիներ ու սրբավայրեր կործանած են։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին ընթացքին մինչեւ օրս` 17 եկեղեցիներ ու սրբավայրեր կործանուած, պղծուած կամ  բռնագրաւուած  ծայրայեղ մահմետականներու կոպմէ։ Միմիայն հիւսիսային Սուրիոյ Խապուր շրջանին մէջ 11 եկեղեցիներ կործանուած են։ Նոյնպէս Տէր էլ Զօրին մէջ ՏԱՀԵՇԻ ջոկատները կործանած են Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին կառուցուած եկեղեցին։ Ծայրայեղ մահմետականները  դիտմամբ կործանած են նաեւ հայ նահատակներու մասունքները։ Նոյնը կատարեցին Մար Էլիան սրբավայրին­, առեւանգելով սրբավայրի աբբահայրը անցեալ 21 Մայիսին եւ 11 Հոկտեմբերին ազատ արձակելով զայն։

ՏԱՀԵՇ-ի դաժանութիւններն ու վայրագութիւնները կը շարունակուին ոչ միայն Քրիստոնեայ կրօնական ժառանգութեան դէմ այլեւ մարդկութեան  պատկանող մշակութային ժառանգութեան դէմ ինչպէս է պարագան ''Փալմիրա'' հնագոյն քաղաքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.