2015-12-18 13:02:00

Հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Ձայնասփիւռէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Տասնեակ տարիներէ ի վեր, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հայկական բաժնին, առանձնաշնորհում տրուած է` ամէն ամսուայ երրորդ կիրակին, Վատիկանի ձայնասփիւռէն ուղիղ եթերով սփռելու հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագը, աշխարհասփիւռ հայորդիներուն առիթ ընծայելու նպատակաւ` կատարել իրենց կիրակնօրեայ պարտականութիւնը ու մասնակցիլ կիրակնօրեայ Սուրբ Զոհին։

Այս ծիրէն ներս, կիրակի 20 դեկտեմբեր 2015-ին, դեկտեմբեր ամսուայ երրորդ Կիրակին` առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վատիկանի պարտէզներու մէջ գտնուող` Լեւոն ԺԳ անուան­, Վատիկանի Ռատիոկայանի կեդրոնի մատրան մէջ, տեղի կ՛ունենայ հայածէս Սուրբ Պատարագ զոր կը մատուցէ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւոր Հայը` Նարեկ վրդ. Նաամոյեան երգեցողութեամբ` Լեւոնեան Վարժարանի ժառանգաւորներուն, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ Հռոմի գաղութի հաւատացեալներու միացեալ երգչախումբին։

Քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոն հանդիսացող՝  Վատիկանէն սփռուած հոգեպարար այս սուրբ Պատարագին կարելի է հետեւիլ ուղիղ եթերով եւ կամ  Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական համացանցային կայքէջի միջոցաւ http://hy.radiovaticana.va։ հասցէին։








All the contents on this site are copyrighted ©.