2015-12-18 08:57:00

70 Հայեր Մուսուլէն խոյս տալով՝ հաստատուած են Եոզկաթ


Ըստ «Արեւելք»ի՝ Իրաքի մէջ ծաւալած դէպքերուն հետեւանքով, 70 հայորդիներ հաստատուած են Եոզկաթ: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հայորդիները Եոզկաթ հասած են մասնաւորապէս իրաքեան Մուսուլ եւ շրջակայից քաղաքներէն՝ խոյս տալով «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքներէն: Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Սելինա Տողան իր պատկանած կուսակցութեան անդամներու պատուիրակութեամբ մը հասած է Եոզկաթ՝ մօտէն ծանօթանալու փախստական դարձած հայորդիներու ընդհանուր վիճակին:
«Արեւելք» կը նշէ, որ հայ փախստականները, որոնք արդէն երկու առիթներով նախնական օժանդակութիւններ ստացած են ՄԱԿի գաղթականներու յանձնախումբէն, յառաջիկային նոյնպէս օժանդակութիւններ պիտի ստանան կառավարական մարմիններէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.