2015-12-17 12:08:00

Բարի Տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) 17 դեկտեմբեր 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կը տօնախմբէ իր ծննդեան 79-րդ ամեակը որուն առթիւ աշխարհի զանազան վայրերէն շնորհաւորական մաղթանքներ եւ ուղերձներ ուղղուեցաւ Քահանայապետին որոնց շարքին նաեւ` Պրազիլցի Կարդինալ` Քլաուտիօ Հիւմմէսի բարեմաղթութիւնները, որ Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին իր խորին շնորհաւորութիւնը յայտնեց Քահանայապետին  անոր վստահեցնելով բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքները։ Կարդինալ Հիւմմէս այն ծիրանաւորն է որ Քահանայապետի ընտրութեան օրը կը գտնուէր Ֆրանչիսկոս Պապին կից ու երբ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը յայտարարուեցաւ առաջինը եղաւ որ ողջագուրեց Ֆրանչիսկոս Պապը անոր յորդորելով չմոռնալ աղքատները։

''Թող Աստուած անոր պարգեւէ ուրախութիւն, երջանկութիւն եւ անդորրութիւն իրեն յանձնուած այս կարեւոր ու ծանր առաքելութեան մէջ եւ իր այս տարեդարձին օրուան առթիւ թող Աստուած անոր յատկացնէ յատուկ քնքշութիւն'' ըսած է Կարդինալ Հիւմմէս մաղթելով ապա երկար ''Քահանայապետութիւն''։  Եկեղեցին կարիքը ունի այն ծրագիրին զոր ինք ի գործ դրաւ, ըսաւ ապա կարդինալ Հիւմմէս հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը` որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապը կարողանայ յառաջ տանիլ սկիզբ առած բարեկարգումներու  գործընթացը։

Քահանայապետի այս տարեդարձին առթիւ չորեքշաբթի` 16 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալները միասնաբար երգեցին ''բարի տարեդարձ'' մաղթերգը մինչ Մեքսիքացի լրագրողուհի մը Քահանայապետին յանձնեց յատուկ կարկանդակ մը։

Մեր կարգին որպէս Վատիկանեան հաստատութեան աշխատակիցներ եւ առ աւելին որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կ՛ուղղենք Ֆրանչիսկոս Պապին ու անոր կ՛ապահովեցնենք մեր սրտաբուխ աղօթքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.