2015-12-16 10:27:00

''Յոբելեանի նշանները'' Ֆրանչիսկոս Պապին 16 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 16 դեկտեմբեր 2015-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ անդրադարձաւ Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն նիւթին ըսելով

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս,

անցեալ Կիրակի բացումը կատարուեցաւ Հռոմի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Սուրբ Դրան եւ բացումը կատարուեցաւ աշխարհի ամէն մէկ թեմի Ողորմութեան Սուրբ Դրան։

Փափաքեցայ որ Սուրբ Դրան այս նշանը կատարուի ամէն մէկ եկեղեցւոյ մէջ որպէսզի Ողորմութեան Յոբելեանը դառնայ ամէն մէկ անհատի փորձառութիւն։ Այսպէսով` Սուրբ Տարին ընթացք առաւ համայն եկեղեցւոյ մէջ եւ կը տօնախմբուի ամէն մէկ թեմին մէջ որպէս տեսանելի նշան տիեզերական հաղորդութեան։ ''Թող այս եկեղեցական հաղորդութիւնը ըլլայ միշտ աւելի զօրեղ որպէսզի եկեղեցին աշխարհի մէջ ըլլայ կենդանի նշանը Հօր սիրոյն եւ Անոր ողորմութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հաղորդութեան խորհուրդին որ Եկեղեցին կը դարձնէ նշան Հօր սիրոյն որ կ՛աճի մեր սրտին մէջ, երբ այդ սէրը մեզ կը մղէ սիրելու այնպէս ինչպէս Խաչուած Քրիստոսը մեզ սիրեց, անհուն կերպով, ներումի եւ ողորմութեան դիմագիծով։

 

Ողորմութիւնն ու ներումը սակայն պէտք չէ մնան լոկ բարեր­, այլ առօրեային մէջ դառնան իրականութիւն։ Սիրել եւ ներել` մեր սրտերը բարեփոխող հաւատքի տեսանելի եւ առարկայական նշաններն են։ Սիրել եւ ներել Աստուծոյ նման։ Այս ըլլալու է կեանքի օրակարգը որ չի կրնար ընդհատումներ եւ բացառութիւններ ունենալ այլ մեզ կը մղէ երթալու աւելի անդին, առանց յոգնելու եւ այն վստահութեամբ որ Աստուծոյ Հօրենական ներկայութիւնը մեզի թիկունք կը կանգնի։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Սուրբ Դրան որ կը յատկանշէ Յիսուսը որ ըսաւ. ''Ես եմ Դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս պիտի փրկուի, պիտի մտնէ ու ելլէ  եւ սնունդ պիտի գտնէ'' (Յովհ 10, 9)։ Այս մէկը սրտի ապաշխարութեան իսկական նշան է։ Երբ մուտք գործենք այդ դուռէն լաւ է յիշել թէ մենք լայն բանալու ենք մեր սիրտը  թոյլ տալու համար` որ Քրիստոս մուտք գործէ ու մեզ մղէ դէպի ուրիշները, անոնց տանելու Անոր սէրը առանց եւ ոչ մին բացառելու։

Յոբելենական տարւոյն այլ յատկանիշ մը ''խոստովանանքն է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ հրաւիրեց հաւատացեալները հաշտուելու Աստուծոյ հետ որ կը ճանչնայ մեր սահմանները եւ իր սիրոյն միջոցաւ մեզ կը խթանէ յառաջ ընթանալու։

Քանիցս լսեցի ''Հայր ես չեմ կրնար ներել''։ Ի՞նչպէս կարելի է Աստուծմէ ներում հայցել եթէ մենք կարողութիւն չունինք ներելու, հարց տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ներելը դիւրին չէ, որովհետեւ մեր սիրտը աղքատ է եւ իր միակ ուժերով չի կրնար յաջողիլ։ Եթէ սակայն կ՛ընկալենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, մեր կարգին կը դառնանք կարող ներումին։

Ասոր համար քաջութիւն` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խրախուսեց ներկաները Յոբելեանը ապրելու այս նշաններով։ Տէրը մեզի կ՛ընկերանայ ու մեզ կ՛առաջնորդէ փորձարկելու նաեւ այլ նշաններ աւելցուց Ան։

Ճարին աւարին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Երիտասարդներուն. հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք ապրիլ Սուրբ Ծնունդը Աստուածամօր նոյն հաւատքով, անորմէ հայցելով Յիսուսի աշխարհ բերած մտերմիկ խաղաղութիւնը ու ապա անորմէ օրինակ առնելով` աղօթքով եւ առաքինութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.