2015-12-16 13:19:00

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքի պատգամը ՝՝Բաւ է արիւն թափել Սուրբ Երկրին մէջ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ յղած պատգամին մէջ, Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք` Ֆուատ Թուալ, խաղաղութիւն հայցած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ժողովուրդին, իսկ՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններու լուծման գծով՝  խնդրած է չդիմել բռնութիւններու։

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի քաղաքական բարձր անձնաւորութիւններուն ուղղած պատգամին մէջ Պատրիարքը յայտնած է,  թէ ժամանակն է քաջութիւն ցուցաբերելու եւ աշխատելու կայուն խաղաղութեան  համար՝  հիմնուած արդարութեան վրայ։

Սուրբ Երկրին ի նպաստ յղած կոչին մէջ, Պատրիարք Թուալ խնդրած է, որ երկրին մէջ յարգուին միջազգային որոշումները, անսալի ըլլայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ժողովուրդին խաղաղութեան ձայնը, որովհետեւ Սուրբ Երկրին մէջ բնակող իւրաքանչիւր ժողովուրդ իրաւունքն ունի արժանապատուութեան, անկախ հայրենիքի եւ յարատեւ ապահովութեան։

Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ի տես, Լատինաց Պատրիարքը իր պատգամին մէջ, միջազգային իշխանութիւններէն խնդրած է, որ դադրեցնեն զէնքերու առեւտուրը, որոնք պատճառ հանդիսացած են Միջին Արեւելքի ողբերգութիւններուն, յորդորելով  զանոնք՝ դարձի գալու։ Ան ապա անոնց ուշադրութեան յանձնած է Միջին Արեւելքի մէջ եղբայրներու հոսող արիւնը, որուն համար՝  Աստուծոյ առջեւ պատասխան պիտի տան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.