2015-12-16 09:32:00

Եազիժի Եւ Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգման թղթածրարը տակաւին օրակարգի վրայ է


«Եազիժի եւ Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգման  թղթածրարը տակաւին օրակարգի վրայ է», հաստատեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, չորեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, մարոնիներու  Ռայի պատրիարքին տուած իր շնորհաւորական այցելութեան առիթով:

Շրջանի ու երկրի ընդհանուր իրավիճակին քննարկման վերաբերող խորհրդակցութեանց կողքին Ռայի պատրիարքը դրուատեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ճիգերը, յատկապէս երկրի ապահովութեան ամրապնդման գծով: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ ճիգերը շարունակուին յատկապէս տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի մօտ արգելափակեալ զինուորականներուն եւ Եազիժի ու Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն ազատ արձակման գծով:








All the contents on this site are copyrighted ©.