2015-12-15 09:20:00

Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ երգչախումբին Ս. Ծննդեան երգահանդէսը


Հոգեկան հրճուանքի առիթ մը ստեղծեց Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ Ալեմշահ եւ Կռունկ միացեալ երգչախումբը՝ իր ներկայացուցած երգահանդէսով, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, համանուն եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի, Հ. Անտոն Վրդ. Շատարեւեանի եւ բազմաթիւ հանդիսատեսներուն: Սուրբ Ծննդեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի զոյգ առիթներով կայացած երգահանդէսը, որուն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դոկտ. Անթուան Գայայեան, ամբողջութեամբ նուիրուած էր Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդին եւ ազգային երգերուն: Ներկաներուն գնահատական ծափահարութիւններուն արժանացած երգերն էին՝ Venez Divin Messie, Il est né. Minuit, chrétiens, Les anges dans nos campagnes, Տէր պահէ զիս, Միայն Քեզի նայիմ, Բարի արագիլ, Երգ կարօտի, Կռունկ, բարով դառնաս, Ծաղկած բալենի. Զինուորի մօր երգը, Ի՞նչ ըսեմ ես, Երիտասարդական Քայլերգ: Համերգին աւարտին, Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան գնահատեց երգչախումբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական ղեկավար եւ ճարտար խմբավար՝ Մաեստրօ Համբարձում Անդունեանի, դաշնակարուհի` Տիկին Նորա Քէթեպեան-Փիլոյեանի, մեներգիչ` տիկին Էօժենի Մանուկեանի եւ 23 երգիչներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս համերգը: Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ տօնական հիւրասիրութիւն մը, ընտանեկան մթնոլորտին մը մէջ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Մաղթենք, որ մեր եկեղեցւոյ զոյգ երգչախումբերը խանդավառութեամբ շարունակեն իրենց երթը ի տես Ալեմշահ երգչախումբի հիմնդրութեան մօտալուտ 50-ամեակին, որուն տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի 2017-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.