2015-12-15 11:39:00

Չինաստանի մէջ ողորմութեան սուրբ Դրան բացում։


(Ռատիօ Վատիկան) ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքին, Չինաստանի բազմաթիւ թեմերու մէջ, բացումը կատարուեցաւ ողորմութեան յոբելենական տարուայ ս· Դրան եւ հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ Սրբազան Պապին Ողորմութեան Յոբելեանի պատգամը։ Փեքինի առաջնորդը գերապայծառ Ճուզեփփէ Լիշան   ս· Դուռը բանալով հրաւիրեց հաւատացեալները երախտապարտ ըլլալու Տիրոջ` Ողորմութեան Յոբելեանի պարգեւին համար։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 8 Դեկտեմբերին, Ողորմութեան ս· Դուռը բացաւ բոլորիս համար։ Ամէնքս կարիքը ունինք խորհրդածելու Տիրոջ ողորմութեան խորհուրդին վրայ­, որ աղբիւր է ուրախութեան­, անդորրութեան եւ խաղաղութեան։

Չինական պաշտօնական հաղորդամիջոցները լայն տեղեկութիւններ տուին ս· Դրան մասին նոյնիսկ համացանցի մէջ բազմաթիւ տեղեկութիւններ տեղադրուեցան Յոբելենական տարւոյն ու սուրբ դռան բացումի նշանակութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.