2015-12-14 09:51:00

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կին մը ընտրուած Է Մեքքայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ


Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիներու իբրեւ թեկնածու եւ քուէարկող մասնակցութիւնը արտօնող առաջին ընտրութիւններուն ընթացքին Սալմա Պընթ Հազապ Աթիպի ընտրուեցաւ Մեքքա շրջանի Մատրաքա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:

«Իխպարիյա Սէուտիա» պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ երկրի Քասիմ շրջանին մէջ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին երկու կիներ ընտրուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.