2015-12-14 09:44:00

Ռուսական մարտանաւ մը կրակ բացաւ թրքական ձկնորսական նաւու մը վրայ


Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգէական ծովուն մէջ Ռուսիոյ ծովուժի «Սմիթլեւի» յածանաւ մը արկածէ խուսափելու համար ստիպուած եղած է կրակ բանալ թրքական ձկնորսական նաւու մը վրայ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ իր մօտ կանչած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդը:

Դէպքը պատահած է Մոսկուայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:03-ին, երբ թրքական նաւը նուազ քան մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ կը մօտենար յածանաւին, որ կանգ առած էր: Հեռակապով եւ լոյսերով թրքական նաւուն հետ կապ հաստատելու փորձերը անտեսուած են, եւ երբ թրքական նաւը 600 մեթր հեռաւորութեան վրայ մօտեցած է յածանաւին, վերջինս կրակ բացած է զգուշացնելով զայն, որմէ ետք թրքական նաւը իր ուղղութիւնը փոխած է` առանց կապ հաստատելու ռուսական յածանաւին հետ:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ զգուշացուցած է Թուրքիան` ռուս զինուորներու դէմ զինուորական որեւէ արարքի հետեւանքներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.