2015-12-14 12:45:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Սրի Լանքայի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 14 դեկտեմբեր  2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահ` Մայթրիփալա Սիրիրսենան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւնները, որոնց սկիզբը նշուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ Յունուարին Սրի Լանքա կատարած հովուական այցելութիւնը, ընդգրկեցին  Սրի Լանքայի ժամանակակից պատմութիւնը ու երկրին խաղաղութեան ու հաշտութեան գործընթացը, մաղթանք յայտնելով որ այս գործընթացը սատարէ զարգացնելու ընկերային մնայուն ներդաշնակութիւն մը։

Ընդգծուեցաւ ապա Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած սատարը ընկերութեան զանազան ասպարէզներէն ներս ինչպէս նաեւ  միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բնապահպանութեան նիւթին եւ քննարկում կատարուեցաւ Փարիզի մէջ աւարտած Կլիմայական Փոփոխութիւններու վեհաժողովի արդիւնքներուն վերաբերեալ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.