2015-12-13 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 դեկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի Թեմի Աթոռանիստ  Սուրբ Յովհաննէս Լատերանի Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացման արարողութենէն ետք, կիրակի 13 դեկտեմբերին, աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ

մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ (քաղուած  Սուրբ Ղուկասի Աւետարանէն 3,10.12.14) ակնարկեց երեք դասակարգերու ՝ Ամբոխի, մաքսաւորներուն, զինուրրներուն, Յովհաննէս Մկրտիչի ուղղած հարցումին ''Ի՞նչ  պէտք են կատարել'' դարձի գալու համար։  Յովհաննէս մարգարէն իւրաքանչիւր խումբին  հետեւեալ պատասխանը տուաւ. Ամբոխին՝  կենսական կարիքները բաժնեկցիլ ուրիշներուն հեր. Մաքսաւորներուն՝ ''ձեզի սահմանուած գումարէն աւելի մի պահանջէք'' Զինուորներուն ''մարդու վրայ մի բռնանաք, ուրիշին ինչքերը մի յափշտակէք եւ գոհացէք ձեր թոշակով'։'

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց ' թէ  ''Ոչ մէկ դասակարգի անձեր դուրս ձգուած են դարձի ուղիէն, փրկութեան ծրագիրէն, ոչ իսկ մաքսաւորները որոնք մեղաւորներ նկատուած էին։  Աստուած ոչ մէկը կը բացառէ Փրկութեան կարելիութենէն։ Ան անհամբեր է՝  բոլորին հանդէպ Ողորմածութիւն ցոյց տալու եւ իւրաքանչիւրը հիւրընկալելու  հաշտութեան եւ ներումի քնքուշ ողջագուրումով։

 ՝՝ի՞նչ ընելու ենք հարցումը կը հայի նաեւ մեզի՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ հրաւիրեց ապաշխարութեան, փոխելու մեր ուղեւորութեան ընթացքը, եւ ընդգրկելու արդարութեան, զօրակցութեան եւ ուշիմութեան ուղին։  Ապաշխարեցէք` այս է Մկրտիչի պատգամին եզրակացութիւնը ըսաւ Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ աշխարհը լի է հարցերով եւ ապագան ծանրաբեռնուած է վախի եւ անյայտութեան բեռով։ Սակայն՝ քրիստոնեան ըլլալու է ուրախ անձ մը, ուրախութիւնը որ պարգեւն է Տիրոջ, որ կեանքը կը լիացնէ եւ կը բխի այն համոզումէն թէ Տէրը մեզի մօտիկ է։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի ամրապնդելու մեր հաւատքը, որպէսզի գիտնանք ընկալել ուրախութեան Աստուածը, որ միշտ կ՝ուզէ բնակիլ Իր զաւակներուն միջեւ։ Թող Տիրամայրը սորվեցնէ մեզի բաժնեկցիլ ողբացողին արտասուքը, որպէսզի կարենանք  բաժնեկցիլ նաեւ ժպիտը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.