2015-12-12 08:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը.Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կուատալափի Տիրամօր տօնին առթիւ, շաբաթ 12 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով կը հանդիսապետէ Մեքսիքոյի եւ համայն Լատին Ամերիկայի պաշտպան Սրբուհի Կուատալուփի Տիրամօր ի պատիւ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Յայտնենք որ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը առաջին անգամ ըլլալով, Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ տօնախմբեց Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական տօնակատարութիւնը` մատուցելով Սուրբ Պատարագի զոհը.

Վերոնշեալ Սուրբ Պատարագի զոհը մաս կը կազմէ  Ողորմութեան Յոբելենական տարուայ ընթացքին կատարուած ձեռնարկներուն։ Այս ս. պատարագով Սրբազան Հայրը կը փափաքի Կուատալուփի Տիրամօր` Ողորմութեան Մօր, յանձնել ս. տարուայ իրականացումը  ամերիկեան ցամաքամասին մէջ­, արարողութիւնը ապա  նոյնպէս կ՛ուզէ հանդիսանալ պատրաստութիւն` ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ տարի` Մեքսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

Նշենք թէ Կիրակի 13 դեկտեմբեր 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9,30-ին, իր թեմին` Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ  կը նախագահէ Ողորմութեան Յոբելենական տարուայ դռնբացէքի արարողութիւնը, մինչ ժամը 10,30-ին` Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ, Քահանայապետի պատուիրակ `կարդինալ Ժէյմս Հարվէյ` կը նախագահէ Ողորմութեան սուրբ տարուայ սուրբ դռան բացման արարողութիւնը: Մինչ Հռոմի չորրորդ պազիլիքայի` Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ դռնբացէքի արարողութիւնը, նախատեսուած է յառաջիկայ 1 յունուար 2016-ին Ամենասուրբ Աստուածածնայ նուիրուած տօնին եւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.