2015-12-12 09:18:00

Ողորմութեան Սուրբ տարուայ դռներու բացում Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ


(Ռատիօ Վատիկան)Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած  Ողորմութեան Սուրբ տարին սկիզբ առաւ, անցեալ 8 դեկտեմբերին , Սուրբ Պետրոսի Տաճարին Սուրբ Դրան բացումով։

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին, որ  իւրաքանչիւր երկրի մէջ թեմակալ առաջնորդները բացումը կատարեն իրենց յատուկ եկեղեցիներու Սուրբ դռներուն, հնարաւորութիւն ընծայելու համար իւրաքանչիւր հաւատացեալին, որ տեղական եկեղեցիներու Սուրբ Դուռէն անցնելով ստանայ Լիակատար ներողութիւն, առանց ստիպուած ըլլալու դէպի Հռոմ ուխտագնացութիւն կատարել։ Կիրակի 13 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.-ին, Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Սուրբ Գրիգոր - Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  մէջ կը հանդիսապետէ Սուրբ Դրան բացման արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ ապա հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

Իսկ Եգիպտոսի մէջ, Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան, Աղեքսանդրիոյ Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեան որմէ ետք բացումը կը կատարէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ դրան։

Միացեալ նահանգներու մէջ եւս Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, Կլէնտելի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիվ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին  բացումը կը կատարէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ  սուրբ դրան։

Նշենք թէ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, անցեալ 9 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Կիւմրի Աթոռանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ արարողութեամբ բացումը կատարեց Ողորմութեան Սուրբ Տարուան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.