2015-12-12 19:30:00

Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ` 12 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով, հանդիսապետեց Մեքսիքոյի եւ համայն Լատին Ամերիկայի պաշտպան Սրբուհի` Կուատալուփի Տիրամօր ի պատիւ սուրբ պատարագի արարողութիւնը եւ այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սոփոնիա մարգարէի խօսքերուն հաստատեց թէ ''Աստուած մեզ կը սիրէ անհատոյց սիրով, առանց սահմանափակումներու, անհունօրէն, եւ մեզմէ ոչինչ սպասելով այդ սիրոյն փոխարէն։ 

Այս ողորմած սէրը Աստուծոյ յատկանիշն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ողորմութիւն բառը` (Misericordia) կազմուած է երկու բառերէ` թշուառութիւն ու սիրտ։ Սիրտը կը յատկանշէ սիրելու կարողութիւնը։ Ողորմութիւնը այն սէրն է որ կ՛ընգրկէ մարդ արարածի թշուառութիւնը։ Սէր մը որ մարդու աղքատութիւնը կը նկատէ որպէս սեփական զայն ազատագրելու համար։ Եւ այս սէրը մեր սէրը չէ հանդէպ Աստուծոյ, այլ Անոր սէրը մեզի. Ան իր Միածին Որդին ուղարկեց որպէս մեր մեղքերու քաւութիւն։ Ու Բանը Մարմին եղաւ, փորձարկեց մեր դիւրաբեկութիւնը, մեր մարդկային վիճակը մինչեւ խաչ։ Ոչ մէկ մեղք կարող է բնաջնջել Անոր ողորմած մօտիկութիւնը կամ արգելք հանդիսանալ ազատագրումին` ապաշխարութեան շնորհքի միջոցաւ։ Ընդհակառակը մեղքը աւելի լուսաւոր կը դարձնէ Աստուծոյ սէրը որ կ՛ազատագրէ ստրուկը իր Որդոյն զոհաբերումով։

Աստուծոյ ողորմութիւնը մեզի կը շնորհուի Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ որ կը կերպարանափոխէ ու նոր կեանք կը պարգեւէ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ ամենամեծ ողորմութիւնը Աստուծոյ մեր մէջ ներկայութիւնն է, Անոր մեզի ընկերանալն է ու մեզի սիրոյ ճանապարհը ցոյց տալն է։ Ան մեր աչքերը կը բանայ որպէսզի անդրադառնանք աշխարհի թշուառութեան ու միաժամանակ մեզ կը լիացնէ յոյսով։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկեց ապա Աստուածամօր` Մարիամին, Ողորմութեան Մայր  որ փորձարկեց Աստուածային ողորմութիւնը, ու իր արգանդին մէջ հիւրընկալեց այս ողորմութեան ակնաղբիւրը` Յիսուս Քրիստոս։ Ան ապա  Մարիամին` Ողորմութեան Մօր­, յանձնեց Լատին Ամերիկիոյ ցամաքամասի բոլոր ժողովուրդները որոնք, ըսաւ Սրբազան Հայրը կը սիրեն իրենց Մայրը ու զայն կը ճանչնան որպէս Տիրուհի։ Անորմէ կը հայցենք որ այս ողորմութեան Սուրբ Տարին ըլլայ ողորմած սիրող սերմ մը` բոլոր մարդոց սրտերուն մէջ եւ օգնէ մեզ որպէսզի ապաշխարենք ու դառնանք ողորմած եւ Քրիստոնեայ հասարակութիւնները դառնան ապաստանարան եւ աղբիւր ողորմութեան, ու դառնան եւ ոչ մէկը բացառող եղբայրսիրութեան վկաներ։ Այս բաները հայցելու համար, յարեց ապա Սրբազան Պապը, յառաջիկայ 13 փետրուար 2016-ին պիտի ճամբորդեմ` այցելելու ու մեծարելու զինք իր Սրբավայրին մէջ։ Կը հայցենք Անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի առաջնորդէ համայն ամերիկացի ժողովուրդին քայլերը այն ճանապարհին վրայ որ կը փնտռէ Ողորմութեան Մայրը, Անորմէ խնդրելով որ ցոյց տայ իր զաւակը` Յիսուսը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրեց յատուկ օրէն աղօթել իր հօր ու մօր հոգւոյն համար` Մարիօ եւ Ռեճինա, ''որոնք­­, ըսաւ Ան­, ինծի կեանք տուին ու հաւատքը փոխանցեցին, եւ որ 80 տարիներ առաջ այս օրուան նման ամուսնացած էին։ Աղօթենք Տիրոջ''








All the contents on this site are copyrighted ©.