2015-12-11 09:32:00

Ռայի Պատրիարք. «Պիտի ջանամ Մարոնի համայնքի չորս ղեկավարները համախմբել»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին  առաւօտեան պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Եգիպտոս:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ջանայ մարոնի համայնքի չորս ղեկավարները համախմբել Պքերքէի մէջ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը բաւական լուրջ է, եւ պէտք է բոլոր լիբանանցիները խորհրդակցին եւ ամբողջական ու ազգային որոշումի մը յանգին` օգտուելու համար այդ նախաձեռնութեան ընձեռած առիթէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.