2015-12-11 09:23:00

Ընտանիքներու Յոբելեանը յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելեանի մեծ հաւաքներու առաջին ժամադրութիւնը վերապահուած է ընտանիքներուն։ Արդարեւ 27 Դեկտեմբերին 7000 անհատներ որոնք կը ներկայացնեն առողջ կամ վիրաւոր ընտանիքը, պիտի անցնին ս. Պետրոսի Պազիլիքայի Ս. Դռնէն յայտնած է գերապայծառ Փալիաˋ նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։

Ս­. Ընտանիքի տօնին առթիւ Հռոմի բազմաթիւ ընտանիքներ մտադրած են ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուիլ ու կեդրոնական մսուրէն յառաջանալ դէպի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա­`  ողորմութեան  ս· Դռնէն անցնելով, ապա ժամը 10-ին կը մասնակցին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած սուրբ պատարագին։ 

Կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն պիտի արտասանէ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը ու սրտի խօսքը պիտի ուղղէ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն։ Այս առթիւ­ բազմանդամ ընտանիքներու զաւակները ս· Ծննդեան մեղեդիներ պիտի երգեն։ Աշխարհի բոլոր թեմերը հրաւիրուած են նոյն ուխտագնացութիւնը կատարելու եւ ընտանիքները համախմբելու իրենց եպիսկոպոսին շուրջ։

Գերապայծառ Փալիա կոչ ուղղած է բոլոր ընտանիքներուն, ծնողներուն ̦ մեծ հայրերուն ու մայրերուն եւ  վիրաւոր ընտանիքներու ու խնդիր ունեցող ընտանիքներուն, ապրելու ողորմութեան շնորհքը իրենց աչքին առջեւ ունենալով Նազարէթի Ս· Ընտանիքը որ իր կարգին կրեց հալածանք­, գաղթ եւ դժուարութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.