2015-12-11 09:53:00

Բանտերու, գաղթավայրերու եւ այլ յատկանշական վայրերու Սուրբ Դռներու բացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կեդրոնական Ափրիկէի Պանկիի մայրաքաղաքին մէջ, կանխաւ կատարուած Ողորմութեան տարւոյն բացումէն սկսեալ 29 Նոյեմբեր 2015-ին, ապա 8 Դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ Սուրբ Դրան̦ պաշտօնական բացումէն ետք, յառաջիկայ օրերուն աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ  պիտի բացուին աթոռանիստ եկեղեցիներու սուրբ Դռները, ոոնք պիտի բացուին նաեւ խորհրդանշական վայրերու մէջ, ինչպէս` բանտերու մէջ, գաղթավայրերու ու եղբայօգնութեան հաստատութիւններուն մէջ։ Արդարեւ ֆրանչիսկոս Պապը` 19 Դեկտեմբերին Հռոմի քարիդասի մէջ պիտի բանայ եղբայր օգնութեան ս· Դուռը։  Մինչ  8 Դեկտեմբերին  սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կայացած դռնբացէքի արարողութեան առթիւ կը բացուէր նաեւ Հռոմի Ռեպիպիա կոչուած բանտին սուրբ դուռ մը, որուն սրբազան արարողութեան մասնակցեցան 300 բանտարկեալներ։ Անցեալ մէկ Սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ բանտերուն մէջ եւս Յոբելենական ներողութիւնը շնորհուի բանտարկեալներուն։ Նոյնպէս ''Bambino Gesù'' մանուկնաերուն նուիրուած մանկաբուժարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ս· Դուռին։ 

Պատերազմի վայրերուն մէջ եւս եւ այնտեղ ուր քրիստոնեաները հարստահարուած են տեղի պիտի ունենան դռնբացէքի զանազան արարողութիւններ։ Կիրակի 13 Դեկտեմբերին Հալէպի լատինաց եկեղեցւոյ մէջ պիտի բացուի ս· Դուռը։ Ս. ֆրանչիսկոսի անուամբ ժողովրդապետութեան առաջնորդ` գերապայծառ Ապու Խազէն յայտնեց թէ այդ դուռը կը ներկայացնէ պաշտպանութիւնը ընդդէմ չարին եւ նշանը Ամենախնամ Տիրոջ որ կը հովուէ իր ժողովուրդը։ Քիւրտիստանի Էրպիլ մայրաքաղաքին մէջ եւս բացումը պիտի կատարուի Սուրբ Դրան մը յատկացուած վրանաբնակ գաղթականներուն։ Լիպիոյ մէջ ս· Դրան բացումէն ետք 11 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ համամիութենական աղօթք մը խաղաղութեան համար։ Ուկրանիոյ մէջ ս· Դուռը պիտի բացուի ''Kharkivի'' մէջ։ 20 Դեկտեմբերին Կազայի ս· Ընտանիքի նուիրուած փոքրաթիւ ժողովրդապետութիւնը ս· Դուռը պիտի բանայ նախագահութեամբ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքին








All the contents on this site are copyrighted ©.