2015-12-10 10:15:00

Քոլորատոյի նահանգապետը դեկտեմբեր 6-ը յայտարարած է Ջուղայի յիշատակի օր


Քոլորատոյի նահանգապետ Ճոն Հիքենլուփըրը 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-ը պաշտօնապէս յայտարարած է Ջուղայի աւերման 10-ամեայ տարելիցի օր` միանալով Ատրպէյճանի կողմէ Ջուլղայի 2000 խաչքարերու աւիրման համաշխարհային յիշատակման արարողութիւններուն: Նահանգապետ Հիքենլուփըրի յայտարարութիւնը կը յիշատակէ «Ջուղայի մէջ միջնադարեան խաչքարերու աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոյի կանխամտածուած ոչնչացումը»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Քոլորատոյի նահանգը յարգանքի տուրք  մատուցանած է այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով`  բանալով Ջուղայի 2000 աւերուած յուշարձաններէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքար-յուշարձանը,  եւ որ «Քոլորատոյի բնակիչներուն խորհուրդ կը տրուի այցելել Քափիթըլ եւ տեսնել Ջուղայի խաչքարին կրկնօրինակը»:

«Քոլորատօն կրկին ցոյց տուաւ մարդու իրաւունքներու իր վճռական յանձնառութիւնը»,- ըսած է Հայ դատի արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեանը:

Խաչքարը բացուած է 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի օրը: Բացումը կատարած են Քոլորատոյի նահանգապետ Ճոն Հիքենլուփըրը եւ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան ղեկավարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.