2015-12-10 11:18:00

''Շարժումի մէջ դնենք ողորմութիւնը'' խորագիրով ձեռնարկի ներկայացում


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերի յետմիջօրէին ժամ 3-ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի Մարքոնի անուան դահլիճին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը ներկայացուի , Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ առթիւ կազմակերպուած ''շարժումի մէջ դնենք ողորմութիւնը''  խորագիրով  ձեռնարկի՝ քարոզարշաւը։

Վերոնշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է  ՝՝Ամբողջական  դաստաիրակչութին՝՝ կոչուող  ընկերակցութիւնը, հովանաւորուած Յիսուսեան Միաբանութեան գաղթականներու սպասարկութեան գրասենեակէն, որուն նպատակն է օգնութեան հասնիլ ''գաղթական մանուկներուն ու երիտասարդներուն'' Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Յոբելենական տարուայ առթիւ։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՝ունենան գաղթականներու ծառայութեան ի սպաս Յիսուսեաններու միջազգային կազմակերպութեան պատասխանատուներ, գլխաւորութեամբ վերոնշեալ կազմակերպութեան տնօրէն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Թոմաս Սմոլիչ ինչպէս նաեւ Սոմալիայէն եւ Սուրիայէն երկու ապաստանեալ գաղթականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.