2015-12-10 11:47:00

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը նշեց Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 9 Դեկտեմբերին հայկական տօնացոյցի համաձայն, տօնն է Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան. այս առթիւ, Հռոմի՝  Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայր տան մէջ, ժամը 12-ին, տեղի ունեցաւ հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագը զոր մատոյց գերյարգելի Հ Եղիա Ծ Վրդ. Եղիայեան, որ արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր հոգեւոր կրթութիւն քարոզած էր հայ քոյրերուն. ներկայ էին Միաբանութեան քոյրերը, Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսչութիւնն ու նորընծաները ինչպէս նաեւ Հռոմահայ բարեկամներ։

Ս. գրային ընթերցումներէ ետք  պատարագիչ գերյարգելին իր քարոզին մէջ  շնորհաւորելէ ետք Ս Կոյսին` Անարատ Յղութեան տօնը եւ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ կը խօսի Մարիամի իր ազգականին  տուած այցելութեան մասին, վեր առաւ յատկապէս երկու կարեւոր կէտեր.  նախ եղբայրսիրութիւն եւ գթութիւն, քանի որ Մարիամ փութաց իր ազգականին մօտ իր մօտիկութիւնը ցոյց տալու եւ օգտակար դառնալու անոր  եւ ապա հաւատքը` ''Եղիսաբեթի հաւատքը'' որ արդէն Մարիամի ողջոյնէն զգաց` հաւատաց որ անոր  որովայնի պտուղը Ս Հոգւոյն պարգեւն է . Աստուածորդին՝ որ պիտի գար փրկելու Աստուծոյ ժողովուրդը։

Սուրբ Զոհի աւարտին, միաբանակից քոյրերը վերանորոգեցին իրենց կրօնաւորական աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը ապա

Ս պատարագէն ետք  վանքին ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.