2015-12-09 11:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 29-րդ անգամուայ համար այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ Պազիլիքան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ, առաւօտեան Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ բացման արարողութիւնը հանդիսապետելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ, յետմիջօրէին,  աւանդութեան համաձայն, այցելեց Սպանիա հրապարակին վրայ Անարատ Յղութեան նուիրուած արձանը, յարգանքի եւ պաշտամունքի տուրք մատուցանելով ապա ուղղուեցաւ  Հռոմի  ՝՝Մարիա Մաճորէ՝՝ Տիրամօր նուիրուած մայր տաճար եւ ''Salus Populi Romani – Հռոմի Ժողովուրդի պաշտպան'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, զետեղեց ծաղկեփունջ մը ու պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապի,  վերոնշեալ  այցելութիւնը, կը հանդիսանայ 29-րդը։

Նախորդ 28 այցելութիւններուն առաջինը՝ տեղի ունեցած է 14 մարտ 2013-ին, Քահանայապետ ընտրութեան յաջորդ օրը։ Իսկ վերջընթեր այցելութիւնը կատարած է 30 նոյեմբեր 2015-ին, Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին։ Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ, իւրաքանչիւր միջազգային առաքելական  ճամբորդութենէն առաջ եւ վերջ  կ՛այցելէ Մարիա Մաճորէ Տաճարը՝ Տիրամօր հովանիին յանձնելու համար հովուական  առաքելութիւն, ապա շնորհակալութիւն  յայտնեելու  Ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Նշենք նաեւ թէ Յոբելինական Սուրբ Տարւոյն առթիւ,  Մարիա Մաճորէ տաճարին Սուրբ դռան բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1 յունուար 2016-ին՝ յետմիջօրէին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.