2015-12-09 09:47:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Ժամանակը եւ ժամադրութիւն յարգելու առաքինութիւնը։ 

Ամէն ինչ իր ժամանակին կատարելու իմաստութիւնը միշտ գնահատուած է, սակայն մարդիկ միշտ ուշացումի թերութեամբ յանցաւոր նկատուած են: Ժամանակը չէ՛ անշուշտ յանցաւորը, այլ մարդիկ իրենք, որովհետեւ յաւիտենական ժամանակը Աստուած վստահած է ու յանձնած բանականութեան տէր մարդուն, որպէսզի իր կեանքին համապատասխան տնօրինէ զայն ու օգտուի անոր ընձեռած հնարաւորութիւններէն:

Ուշացումը ընդհանրապէս անախորժութիւն պատճառող երեւոյթ է, նոյնիսկ եթէ այդ ուշացման պատճառով կանխուած են երբեմն դժբախտութիւններ: Ուշացման վրայ առաջին ակնարկով, դրական տպաւորութիւն չենք ստանար: Սակայն երբ այդ ուշացման հետեւանքով ստոյգ դժբախտութիւն մը բախտով հեռանայ մեզմէ, այն ատեն ակամայ կը գնահատենք ուշացումը, որ ըստինքեան ժխտական երեւոյթ է:

Ժամադրութիւն յարգելու առաքինութիւնը ունեցողներ գովեստներու կ՛արժանանան: Երբեմն ազգային նկարագիրի բնոյթ կը տրուի այս երեւոյթին:Մենք հայերս  յաճախ կ՛ուշանանք մեր ժամադրութիւններուն, ընդհանրապէս որոշուած վայրը հասնելով որոշուած ժամէն բաւական ուշ. անշուշտ, եւ բացառութիւնները յարգելի են:

Ուշացումները հիմնաւորուած պէտք է ըլլան բանաւոր պատճառաբանութիւններով: Ընդհանրապէս, երբ ուշանանք մեր ժամադրութեան, ամէնէն սովորական դարձած երթեւեկութեան խճողումի պատճառաբանութենէն սկսեալ մինչեւ երբեմն երեւակայական եւ աւելի՛ «ծանրակշիռ» պատճառաբանութիւններ կու տանք, պարզապէս արդարացնելու համար մեր ուշացումը:

Ուշացումները միայն անհատական մակարդակի վրայ չեն ըլլար: Ազգեր, պետութիւններ եւ կրօններ նաեւ ուշացումի թերութեամբ կը մեղադրուին: Ազգային որոշումներ քաղաքական դիրքորոշումներ, կամ կրօնական հայեացքներ եւս ճի՛շդ ժամանակին պէտք է կատարուին, կանխելու համար մարդկութեան կեանքին մէջ ի յայտ եկող բազմաթիւ դժուարութիւններ:

Կրօններուն առաքելութիւնը կամ պարտականութիւնը միայն հոգեւոր ոլորտին մէջ ծառայելը չէ՛, ինչպէս յաճախ կը բնորոշուին անոնք, կամ գէթ այդ տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց մասին մտածողներուն վրայ: Յատկապէս քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդներու պարտաւորութիւններուն մէջ մարդասիրական բաժինը շատ շեշտուած է: Քրիստոնէութեան հիմնադիրին՝ Յիսուսին վարդապետութիւնը աւելի՛ շօշափելի դարձաւ Իր ունկնդիրներուն ու հետեւորդներուն, երբ Ան գործնական մօտեցումով, մարդասիրական ու ընկերային ծառայութիւններով հիմնաւորեց Իր պատուէրները, անոնց առաջին գործադրողը անձամբ Ի՛նք ըլլալով: Ուստի, յաճախ զԻնք շրջապատող մարդոց ֆիզիքական առողջութեան եւս բժիշկը հանդիսանալով, Յիսուս զայն միացուց հոգեւոր բժիշկի Իր դերակատարութեան, հոգի եւ մարմին ամբողջական միութեան ու առողջութեան կարեւորութիւնը գերազանցօրէն ընդգծելով:

Մարդասիրական առաքելութեան առաջին ու գլխաւոր կէտը իրարու համար աղօթելու նուիրական պարտականութիւնն է: Սա ո՛չ միայն նոյն կրօնքին պատկանողներուն համար կարեւոր պատուէր է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, այլ՝ նաեւ տարբեր կրօններու հետեւորդներուն միջեւ հոգեկան աներեւոյթ կապի զգալի արտայայտութիւն կը դառնայ: Երբ սովորութիւն դարձնես աղօթել հաւատքիդ չպատկանող մարդուն համար, նոյնիսկ անոր՝ զոր չես ճանչնար անձնապէս, այդ պահուն սիրտիդ խորը իտէալ սէրն է որ ծնունդ կ՛առնէ: Սէր, որուն մասին շա՜տ քարոզներ լսած ես անցեալին եւ կը լսես գրեթէ ամէն օր, գրեթէ ամէն տեղ եւ գրեթէ ամէն մարդու շրթներէն: Սէր, որ առանց ճանչնալու իր առարկան, կը սիրէ զայն, այնպէս ինչպէս կրօններու հետեւորդներ առանց տեսած ըլլալու իրենց Աստուածը, զԱյն հոգեւին սիրել կը դաւանին հրապարակայնօրէն եւ երբեմն այնքան ինքնավստահութիւն բուրելով իրենց չորս դին:

Մահասփիւռ ժամանակներու ամէնէն դրական քայլը աշխարհի կողմէ միահամուռ կեցուածքի որդեգրումն է՝ ատելութիւնը ատելու եւ Սէրը սիրելու… Սակայն աշխարհը ուշացաւ այս կարեւոր պատուէրը իրականացնելու գործնական քայլեր առնելու վճռական իր որոշման մէջ եւ պատճառ դարձաւ անմեղ մարդոց սպանդին:

Քաղաքակիրթ աշխարհը ժողովրդավարութեան մէջ տեսնելով մարդկային իրաւանց անհրաժեշտ բոլոր տարրերը, կրօնքի ուսուցումները արդէն իսկ ներառուած համարեց իր ստեղծած ժողովրդավարութեան համակարգին մէջ: Սակայն, մարդկային ընկերութիւնը փորձառաբար տեսաւ, թէ՝ կրօնական ուսուցումները անջատելուն հետեւանքով մեծ վտանգներ կը դիմագրաւէ աշխարհը: Իսկ իր այս ուշացումը արդարացնելու համար, աշխարհը զայրոյթով լեցուած, անարդարութեան զոհ համարելով իր այնքան ժողովրդավար մտածելակերպը, որդեգրեց այլ տարբերակ, որ «արիւնով արիւն լուալ»ու այլընտրանքն է: Աշխարհ չի՛ կրնար ուրանալ իր ուշացած ըլլալը: Անոր զայրոյթը անիմաստ է, վախը անտեղի, որովհետեւ տհաճ բոլոր երեւոյթներուն պատճառները բացայայտուած կ՛ըլլային, եթէ ան ուշացած չըլլար…








All the contents on this site are copyrighted ©.