2015-12-09 09:38:00

Կարդինալ Փիաչենցա կը բացատրէ Յոբելենական ներողութեան իմաստը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն ընթացքին կարելի է ընդունիլ Յոբելենական լիակատար ներողութիւնը, ուխտագնացութիւն կատարելով դէպի ս· Դուռը որղպէս նշան ապաշխարութեան ու դարձի։ Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ լիակատար ներողութիւն։ ''Կը նշանակէ մեղքերուն կատարեալ ներումը, մեղքերու խոստովանանքէն ու անոնց Քահանայաին կողմէ տրուած արձակումէն ետք'' յայտնեց կարդինալ Փիաչենցա` առաքելական աւագ խոստովանահայրը։ Ուստի երբ անհատ մը կ՛ընդունի ներումը̦ խոստովանանքէն ետք, սուրբ մկրտութեամբ ստացած շնորհքի նման կը մաքրուի եւ կը սկսի նոր կեանք մը։ Հետեւաբար Ս· Տարին կը կեդրոնանայ երկու կէտերու վրայ` խոստովանանքն ու ներողութիւնը։

Կարդինալը պատասխանելով Ս· Դրան նշանակութեան մասին յայտնեց թէ ''Դուռը եկեղեցական շինարարութիւն մըն է̦ եւ ունի  խորհրդանշանական մեծ իմաստ մը։ Յովհաննէս Աւետարանի 10·րդ գլխուն մէջ, Յիսուս ինքզինք կ՛ըսէ ''Ես եմ դուռը,  եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս մտնէ պիտի փրկուի''։ Դուռը կը խորհրդանշէ անցքը մեղքի վիճակէն դէպի շնորհքի վիճակ։ Յոբելենական դուռը նման է մկրտութեան ջուրին։ Երբ հաւատքով կանցնինք Ս· Դուռէն մեղքի, մահուան վիճակէն, կ՛անցնինք դէպի կեանք։ Այդ դուռը նոյնինքն Քրիստոսը կը խորհրդանշէ։ Քրիստոս որ է Փրկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.