2015-12-09 09:33:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւնները։


Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ողջունեց Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ եւ պարտաւորութիւնը պիտի շեշտէ»:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան առաւել ամրապնդման եւ հզօրացման ձգտող բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.