2015-12-08 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն բացման քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ Պատարագի զոհով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարեց Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն, զոր ինք հռչակած էր անցեալ 13 մարտ 2015-ին, եւ 14 ապրիլ 2015-ին հրատարակած ''Ողորմութեան դիմագիծ'' վերտառութեամբ կոնդակով պաշտօնապէս հաստատած էր, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարի փակեալ Սուրբ Դրան սեմին որուն բացումը կատարուեցաւ այսօր, սկիզբ տալով յոբելենական արտակարգ տարւոյն որուն ընթացքին Եկեղեցին կանչուած է ապաշխարութեան, հաշտութեան ու ներումի եւ ողորմութեան։

Սուրբ Զոհին մասնակցեցան կարդինալական դասը, եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի առաջնորդ` Արհ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսսան, երկու հազարէ աւելի քահանաներ եւ բազմահազար հաւատացեալներ ու օտարազգի ուխտաւորներ ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու կառավարական ու պետական պաշտօնական պատուիրակութիւններ.

Այս առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ,

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, քիչ ետք ուրախութիւնը պիտի ունենամ բանալու Ողորմութեան Սուրբ Դուռը։ Այս ժեստը, որ այնքան պարզ սակայն զօրեղ կերպով խորհրդանշական է, կը կատարենք Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ որ քիչ առաջ ունկնդրեցինք եւ որ առաջնահերթ շարքին կը դասէ շնորհքի առաջնութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (գլ 1, 28) Աւետումի դէպքը` երբ Աստուծոյ Հրեշտակը Աստուածամօր կ՛աւետէ թէ մանուկ մը պիտի ծնի ու անոր կ՛ըսէ ''Ուրախացիր, շնորհքներով լեցուն''։

Սուրբ Կոյսը հրաւիրուած է նախ եւ առաջ ուրախանալու այն բաներուն որ Տէրը ըրաւ իր միջոցաւ։ Աստուծոյ շնորհքը զայն պատեց, ու զինք արժանի դարձուց ըլլալու Քրիստոսի մայրը, ըսաւ Քահանայապետը, ու հաստատեց թէ շնորհքի լիութիւնը կարող է կերպարանափոխել սիրտը ու զայն դարձնել կարող մարդկութեան պատմութիւնը փոխելու։

Անարատ Յղութեան տօնը կը բացայայտէ Աստուծոյ Սէրը։ Ան ոչ միայն մեղքերը կը քաւէ այլ Մարիամի միջոցաւ կը խափանէ սկզբնական մեղքը։ Աստուծոյ սէրը կը նախատեսէ, կը կանխէ եւ կը փրկէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով  Ծննդոց գիրքին եւ Եդեմի պարտէզին ու մարդուն սկզբնական մեղքին` Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդութեամբ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ անհուն սիրոյն որ կը ներէ եւ որ Քրիստոսի սիրոյ յաղթանակին մէջ կը յայտնէ Հօր ողորմութիւնը։

Այս արտակարգ սուրբ տարին եւս շնորհքի պարգեւ է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Դուռէն մուտք գործել կը նշանակէ փորձարկել Հօր ողորմութեան խորութիւնը որ կ՛ընկալէ բոլորը եւ իւրաքանչիւրին կը հանդիպի անձնապէս։

Այս Տարին պիտի ըլլայ տարի մը որուն ընթացքին պիտի աճինք ողորմութեան գիտակցութեամբ։ Պէտք ենք ողորմութիւնը նախադասել դատաստանին։ Սուրբ Դուռէն անցնիլը մեզ մասնակից կը դարձնէ սիրոյ խորհուրդին։ Հրաժարինք վախի եւ երկիւղի որեւէ ձեւէ, որովհետեւ վայել չէ անոր որ սիրուած է, այլապէս ապրինք ուրախութիւնը շնորհքի հետ հանդիպումին` որ ամէն ինչ կը բարեփոխէ։

Այսօր անցնելով Սուրբ Դուռէն կ՛ուզենք վերյիշել այլ դուռ մը եւս որ յիսուն տարիներ առաջ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Հայրերը բացին աշխարհի դիմաց։ Որովհետեւ այդ ժողովը եղաւ նախ հանդիպում ընդմէջ եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից մարդոց։ Հանդիպում` յատկանշուած Սուրբ Հոգիի զօրքէն որ Եկեղեցին կը մղեր դուրս ելլելու եւ խանդավառութեամբ վերսկսելու միսիոներական ուղեւորութիւնը։ Ճանապարհ մը որ կը մղեր հանդիպելու ամէն մէկ մարդու այն միջավայրին մէջ ուր կ՛ապրէր, իր քաղաքին, իր տան եւ աշխատավայրին մէջ....այնտեղ ուր կայ անձ մը, եկեղեցին կանչուած է անոր տանելու Աւետարանի ուրախութիւնը։ Եւ այս միսիոներական ազդակն է որ տարիներ ետք նոյն ուժով եւ նոյն խանդավառութեամբ կ՛ուզենք ընդգրկել։

Յոբելեանը մեզ կը մղէ այս բացուածքին ու մեզ կը ստիպէ չարհամարհել Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ի յայտ եկած հոգին` Սամարացիի հոգին, այնպէս ինչպէս յիշեցուցած է Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի փակումին առթիւ։

Առ այդ Սուրբ Դուռէն անցքը մեզ յանձնառու դարձնէ մերը ընելու բարի սամարացիի ողորմածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.