2015-12-08 09:36:00

Վենեզուելայի մէջ ընդդիմութիւնը ապահովեց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը


ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին ընդունած է կիրակի, 6 դեկտեմբերին երկրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնց համաձայն, յաղթանակ արձանագրած է ընդդիմութիւնը, որ ներկայացուած էր Ժողովրդավարական միութեան դաշինքով:

«Մենք կը ճանչնանք այդ ոչ նպաստաւոր արդիւնքները, կ՛ընդունինք զանոնք եւ կ՛ըսենք, որ Վենեզուելայի մէջ յաղթեց սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը», ըսած է Մատուրօ:

Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, ներկայ դրութեամբ Ժողովրդավարական միութեան դաշինքը 167 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ կը ստանայ 99 աթոռ, իսկ Վենեզուելայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը` 46: Ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 74,25 առ հարիւր:

Այսպիսով, ընդդիմութիւնը 17 տարուան ընկերվարական իշխանութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը կազմէ երկրին օրէնսդիր մարմինին մեծամասնութիւնը: Խորհրդարանի նոր կազմը իր աշխատանքին պիտի սկսի յունուար 2016-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.