2015-12-08 11:18:00

Ողորմութեան Սուրբ Դրան բացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Տէր տուր մեզի պարգեւը ապրելու շնորհքի տարի մը'' այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին Սուրբ Դրան սեմին սկիզբ տուաւ Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարուայ դռնբացի հանդիսաւոր արարողութեան, զոր կատարեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած Սուրբ Պատարագի աւարտին եւ  որուն ներկայ գտնուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ի շառս կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասին եւ 50 հազարէ աւելի հաւատացեալներուն։ 

Աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Հայրը մօտեցաւ Սուրբ Դրան եւ ըսաւ ''Այս է Տիրոջ Դուռը, բացէք արդարութեան դռները'' հուսկ բացաւ Սուրբ Դուռը ու անոր սեմին պահ մը  լռելեան աղօթքէ մը ետք   ըսաւ ''Քու ողորմութեանդ շնորհիւ մուտք կը գործեմ քու տունդ'' եւ մտաւ տաճար ու անոր հետեւեցաւ որպէս երկրորդ անձ` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, ապա կղերական դասը ու բոլորը մէկ թափօր մը կազմելով ուղղուեցան Սուրբ Պետրոսի դամբան ուր վերջ գտաւ սրբազան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.