2015-12-07 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''կոչումներու աղօթքի 53-դ համաշխարհային օրուան առթիւ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 16 ապրիլ 2016-ին, կը նշուի ''կոչումներու համար աղօթքի 53 համաշխարհային օրը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրատարակեց պատգամ մը որ լոյս տեսաւ 7 դեկտեմբեր 2015-ին որուն խորագիրն է ''Եկեղեցին մայր կոչումներուն''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր այս պատգամին սկիզբը կը գրէ ''Որքան կը փափաքէի որ Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ տարուան ընթացքին, բոլոր մկրտուածները կարենային փորձարկել իրենց Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան ուրախութիւնը եւ կարենան յայտնաբերել թէ քրիստոնէական կոչումը, ինչպէս նաեւ յատուկ կոչումները, ծնունդ կ՛առնեն Աստուծոյ Ժողովուրդի ծոցին մէջ, որոնք Աստուածային Ողորմութեան պարգեւներ են։ Եկեղեցին ողորմութեան տունն է եւ արտը ուր կոչումը կը ծլի, կ՛աճի եւ պտուղ կու տայ''։

Սրբազան Հայրը ապա կ՛ակնարկէ Յոբելենական Տարւոյն կոնդակի տիտղոսին ''Ողորմութեան դիմագիծ'' ներշնչուած Մատթէոս Աւետարանիչի կոչումէն ու կը հաստատէ թէ ամէն մէկ կոչում իր ծնունդը կ՛ունենայ Յիսուսի ողորմած հայեացքին մէջ։ Անոր ողորմածութեան ներգործութիւնը կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը բանայ նոր կեանքի որ իր լիութիւնը կը գտնէ կոչումին մէջ։ Ապաշխարութիւնն ու կոչումը նոյն մեդալի երկու երերներն են'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՛ակնարկէ Պօղոս Զ քահանայապետի ''Evangelii nuntiandi'' առաքելական յորդորագիրին հուսկ կը յորդորէ հաւատացեալները կոչումներու օրուան առթիւ իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կոչումներու ընտրութեան խնամակալութեան ներքոյ այնպէս ինչպէս կ՛ընէին առաջին քրիստոնեաները։

Քահանայապետը ապա իր պատգամը կը կեդրոնացնէ երեք նիւթերու վրայ ''Կոչումը կը ծնիկ Եկեղեցւոյ մէջ'', ''Կոչումը կ՛աճի Եկեղեցւոյ մէջ'' եւ ''Եկեղեցին կ՛աջակցի կոչումին'' ։

''Ոչ մէկը կանչուած է բացառապէս յատուկ մարզի մը­, կամ խումբի մը, կամ եկեղեցական մէկ շարժումի մը համար այլ բովանդակ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի համար'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ Աստուծոյ կոչին համապատասխանելով երիտասարդը իր եկեղեցական հորիզոնը կը լայնեցնէ եւ թէ ընտանիքը կը դառնայ այդ յատուկ հասարակութիւնը որուն մէջ ծիլ կ՛առնէ կոչումը։ Կազմաւորումի գործընթացի ժամանակ թեկնածուները կարիքն ունին աւելիով ծանօթանալու եկեղեցական հասարակութեան, գերազանցելով սահմանափակ տեսողութիւնը եւ ասոր համար նպատակայարմար է այլ հասարակութիւններու անդամներու հետ առաքելական փորձառութիւններ կատարուին, աւելի մօտէն ճանչնալու համար առաքելական ասպարէզները։ Հուսկ` կոչումի ուղեւորութեան աւարտին, Եկեղեցին շարունակելու է թիկունք կանգնիլ կոչումին, որովհետեւ այն որ իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ` պատրաստ է ծառայելու եկեղեցւոյ այնտեղ ուր կարիքը կայ ծառայութեան եւ քրիստոնէական հասարակութիւնը միշտ աջակցելու է եւ ընկերանալու է առաքեալին''։

Նորին Սրբութիւն ապա պատգամի աւարտին կ՛ակնարկէ Քահանաներուն որոնց միջոցաւ կը հռչակուի Յիսուսի խօսքը որ ըսած է ''Ես եմ ոչխարներու դուռը...ես եմ բարի հովիւը''։ ''Կոչումի հովուական խնամատարութիւնը քահանաներու առաքելութեան հիմնական մաս մըն է'' կը գրէ  Նորին Սրբութիւնը ապա պատգամը կ՛եզրափակէ Տիրոջմէ հայցելով շնորհքը բոլոր անոնց որոնք կոչումի ուղեւորութեան կը ձգտին խորապէս յարելու եկեղեցւոյ, ապա կը խնդրէ որ Սուրբ Հոգին ամրապնդէ հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն մէջ, հաղորդութիւնը, խորթափանցումը եւ հոգեւոր հայրութիւնն ու մայրութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին աղօթք մը կը մատուցէ առ Ողորմած Հօր, հայցելով նոր կոչումներ ապա կը դիմէ Աստուածամօր  բարեխօսութեան` որպէսզի քրիստոնեայ հասարակութիւնները, Սուրբ Հոգւոյն պտղաբերութեամբ, ըլլան միշտ կոչումներուն անկեղծ աղբիւրներ`  ի սպաս Աստուծոյ Ժողովրդին։

Տուեալ ի վատիկան 29 նոյեմբեր 2015։








All the contents on this site are copyrighted ©.