2015-12-07 15:01:00

Սուրբ Պերտոսի հրապարակի տօնածառին ու մսուրի բացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ բացման հանդիսաւոր  արարողութեան առընթեր, երեքշաբթի 8 դեկտեմբերին, կարելի պիտի ըլլայ այցելել Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  զետեղուած  Յիսուսի Սուրբ Ծննունդը խորհրդանշող  մսուրն ու տօնածառը։

Նշենք, թէ եղեւնիի տօնածառի երկայնութիւնը 32 մթ է։ Ան նուիրուած է Պաւիերայի մարզի կողմէ։ Իսկ՝ մսուրը ընծայուած է Իտալիոյ Թրենթօ թեմին կողմէ։ Յայտնենք նաեւ թէ տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորման  պաշտօնական արարողութիւնը նխատաեսուած է յառաջիկայ 18 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.