2015-12-07 09:49:00

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց առաջադրուած նախաձեռնութիւնը լրջօրէն ուսումնասիրելու։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ  Լիբանան տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան տիպար օրինակն է:

«Մենք պէտք է պահպանենք այս օրինակը եւ ամրապնդենք անոր ազգային դիմագիծը, միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի ունեցած այս առաւելութիւնը անոր սահմանադրական թէ այլ հաստատութիւնները պահպանելու երաշխիքն է:

Ան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն լրջօրէն ուսումնասիրելու նախագահական ընտրութեան գծով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ընտրութիւնը կատարել:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Թարթուս, ուր դիմաւորուեցաւ Թարթուսի նահանգապետին եւ բնակչութեան կողմէ:

Կը նախատեսուի, որ ան այսօր Թարթուսէն ուղղուի Լաթաքիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.