2015-12-07 09:39:00

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը կը դատապարտէ Թուրքիոյ քայլը։


Հարիւրաւոր թուրք զինուորներ եւ զրահապատ մեքենաներ մարզումի առաքելութեամբ տեղակայուած են հիւսիսային Իրաքի` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած Մուսուլ քաղաքին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով թրքական ապահովական աղբիւր մը։

Աղբիւրին համաձայն՝ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի երկիրները տեղեակ են թրքական քայլէն:

Սակայն Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` յարգելու բարի դրացնութիւնը եւ իր ուժերը անմիջապէս հեռացնելու իրաքեան հողերէն: Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Խալետ Օպէյտի յայտարարած է, որ թրքական ուժերը Իրաքի մէջ տեղակայուած են առանց իրաքեան կառավարութիւնը տեղեակ պահելու կամ անոր հետ խորհրդակցելու: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը իրեն փոխանցած է, թէ այդ ուժերը ուղարկուած են հիւսիսային Իրաք մուտք գործած մարզիչները պաշտպանելու համար: Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում իր կարգին յայտարարած է, որ Նինուէի մէջ թրքական ուժերու տեղակայումը միջազգային օրէնքի խախտում կը նկատուի»` աւելցնելով, որ այդ քայլը շրջանային լարուածութիւն կը ստեղծէ, եւ որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն զանոնք հեռացնելու:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան թրքական ուժերու Իրաք մուտք գործելը նկատած է սխալ քայլ մը, որ կը վնասէ շրջանին անվտանգութեան եւ այդտեղ քաոսի եւ տագնապի ամրապնդման կը յանգեցնէ: «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը կարիքը ունի իրաքեան կառավարութեան արտօնութեան եւ անոր հետ ամբողջական համակարգման», ըսած է ան:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի աւելի սուր կեցուածք մը արտայայտելով ըսած է, որ թրքական միջամտութիւնը, ինչ վերնագիրի տակ ալ տեղի ունենայ, Մուսուլի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոց ապահովելու այլ փորձ մըն է։ Ան նաեւ նշած է, որ Անգարայի վերջին քայլերը կը բացայայտեն ահաբեկչութեան աջակցող ծածուկ կողմերուն մէկ մասը:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` վերջինիս կատարած այն յայտարարութեան համար, թէ ինք Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զգուշացուցած է Թեհրանը ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու վերաբերեալ Անգարայի ուղղուած Մոսկուայի կատարած ամբաստանութիւններուն մեղսակից դառնալէ: Վիլայեթի մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնը ըսած է,- «Իւրաքանչիւր անձ պէտք է խօսելու ժամանակ իր չափը գիտնայ»:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի բուռն կերպով դատապարտած է Իրաքի մէջ թրքական միջամտութիւնը, սակայն պատասխանելով այս առումով Արաբական լիկային կողմէ հակազդեցութեան մը կարելիութեան մասին ըսած,- «Այն ինչ որ կրնանք ընել դատապարտման հաղորդագրութեան հրապարակումն է: Արաբական լիկան կարողութիւնը չունի գետնի վրայ այս միջամտութիւնը արգելակելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.