2015-12-06 12:30:00

Սրբազան Քահանայապետի կոչը Փարիզի վեհաժողովի դերակատարներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ողջունելով անդրադարձաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող կլիմայական փոփոխութիւններու վեհաժողովին յանձնարարելով որ Փարիզի վեհաժողովի ջանքերը յանգին եզրակացութեան` մեղմացնելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութիւնները եւ միաժամանակ հակազդելու աղքատութիւնը եւ վերածաղկեցնելու մարդկային արժանապատուութիւնը։ Հայցենք Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը որպէսզի լուսաւորէ բոլոր անոնք որոնք կանչուած են այսպիսի կարեւոր որոշումներ առնելու ու անոնց պարգեւէ քաջութիւնը` որպէսզի որպէս  չափանիշ ունենան միշտ համայն մարդկային ընտանիքի գերագոյն բարիքը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց 7 դեկտեմբեր 1965-ին հրատարակուած` Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորա տիեզերական Պատրիարքի միասնական յայտարարութեան յիսուն ամեակին, որ տեղի ունեցաւ Վատիկնաեան Տիեզերական Բ ժողովի փակման նախօրեակին եւ որուն միջոցաւ ջնջուեցան երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացած փոխադարձ նզովքները։ Մեծ Շնորհք մըն է որ այսպիսի կարեւոր մէկ եղելութիւն մը, որ Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ ստեղծեց սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ երկխօսութեան նոր պայմաններ, յիշատակուի ճիշտ  Ողորմութեան Յոբելենական Տարուայ նախօրեակին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Չկայ իսկական ուղեւորութիւն դէպի միութիւն առանց Աստուծոյ ներումին ու մեր միջեւ փոխադարձ ներողամտութեան` բաժանումի մեղքին համար։

Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք տիեզերական սիրելի Պատրիարքը` Բարթողոմէոս եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու միւս հովուապետերը եւ խնդրենք Տիրոջմէն որ Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ յարաբերութիւնները ներշնչուին միշտ եղբայրսիրութենէն։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Փերույի մէջ տեղի ունեցած երեք հոգեւորականներու երանացման արարողութեան, երեք մարտիրոսներ որոնք 1991-ին նահատակուեցան իրենց հաւատքին համար, ու հայցեց մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը որպէսզի բոլորին պարգեւեն ուժը` քաջութեամբ վկայելու Աւետարանը, յատկապէս աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան վայրերէն ժամանած խումբերը ու բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.