2015-12-05 11:50:00

Պատրաստութիւն Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն։


(Ռատիօ Վատիկան) Նախքան յոբելենական տարին̦ սկսիլը­, աւանդութեան համաձայն, Հռոմի չորս պազիլիքաներու աւագերէցները սկիզբ կու տան Սուրբ Տարւոյն  ''ճանաչումի''̦ արարողութեան որուն ընթացքին փլուզումը կը կատարուի այն պատին որ ներսէն կը ծածկէ ս· Դուռը և կը ստուգուի պատին մէջ զտեղուած մետաղէ տուփին բովանդակութիւնը, որ կը վերաբերի նախորդ Յոբելեանին։

Այս առընչութեամբ անցեալ Երկուշաբթի` 16 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ս· Յովհաննէս Լատերանեան Պազիլիքայի ս· Դռան ճանաչումը` նախագահութեամբ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիի։ Յուշաքարը վերցուեցաւ ու ձեռք բերուեցաւ մետաղէ տուփը որ կը ներփակէր յոբելեանի փակումի բանաձեւը ու ս· Դրան բանալին ինչպէս նաեւ Ս· Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի զինանիշը կրող աւելի քան 41 մետալներ։

Իսկ Երեքշաբթի 17 Նոյեմբեր 2015-ին նոյն եւ նման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ս· Պետրոս Պազիլիքայի մէջ  Պազիլիքայի աւագերեց` կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիիˋ նախագահութեամբ որ յատուկ աղօթք մը կատարելէ ետք, հրահանգեց վար առնել ներքին պատը եւ դուրս բերուեցաւ 2000-ի Յոբելեանին մետաղէ տուփը որուն մէջ  ներփակուած էր` բացի մագաղաթի վրայ նշանակուած 2000 Յոբելեանին փակումի բանաձեւը, դռան բանալին ու բռնելիքները, մետալներ և աղիւսներ։ Արարողութեան ներկայ էին քահանայապետական արարողապետ Գերապայծառ Մարինի եւ նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլաˋ։ Նոյն արարողութիւնը կատարուեցաւ նաեւ Մարիա Մաճճորէ` Տիարմօր նուիրուած աւագ պազիլիքայի մէջ նախագահութեամբ աւագերէց կարդինալ Քասթելլոյի, Հինգշաբթի 19 Նոյեմբերին եւ Երկուշաբթի 23 Նոյեմբերին, Հռոմի պարիսպներէն դուրս գտնուող Ս· Պօղոս Պազիլիքայի մէջ, նախագահութեամբ կարդինալ Հարվէյի ։

Նշենք որ քահանայապետական արարողապետ գերապայծառ Փիերօ Մարինիի պարտականութիւնը եղաւ ժողովել մետաղէ տուփերու մէջ գտնուած իրերը ու զանոնք յանձնել ֆրանչիսկոս Պապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.