2015-12-05 13:30:00

Ունկնդրութիւն կաթողիկէ վարժարաններու ծնողներու միութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 5 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց կաթողիկէ վարժարաններու ծնողներու միութեան անդամներուն։

Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Պապը ըսաւ՝ “կը շնորհաւորեմ ձեզ, ձեր միութեան հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձին առիթով։ Դուք դաստիարակներ էք, որոնք կը գործեն ըստ Աստուծոյ սրտին եւ ըստ Եկեղեցւոյ։”

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց վերջերս Սուրբ Աթոռի “Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի” կազմակերպած միջազգային համագումարը, ուր ան շեշտած էր որ կաթողիկէ դաստիարակութեան նպատակն է կրթել անհատը իբր մարդ, կրթել մարդկայնութեան մէջ։

Յիշեալ միութիւնը իր դիմաց ունի մարտահրաւէրներ։ Ան պէտք է կամուրջներ ձգէ դպրոցի եւ ընտանիքի միջեւ, դպրոցի եւ քաղաքային հիմնարկներու միջեւ։

“Իբր ծնողներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, դուք՝ զաւակները դաստիարակելու անյետսկոչելի պարտականութեան եւ իրաւունքի աւանդապահներն էք, օժանդակելով դպրոցին դրական եւ մնայուն կերպով։”

Ապա, ան հարց տուաւ՝ “ի՞նչ են պահանջքները, որ դպրոց մը ինքզինք կարենայ կաթողիկէ անուանել։” Կաթողիկէ դպրոցը պէտք է փոխանցէ համապարփակ մշակոյթ մը, ոչ գաղափարախօսական։ Ան պէտք է խրախուսէ ներդաշնակութիւնը՝ բազմազանութեան մէջ։ Ուսուցիչներու, դաստիարակութեան մէջ գործող զանազան անհատներու եւ ուսանողներու հետ միասին՝ ծնողները կրնան դաստիարակչական գործունէութեան մէջ ըլլալ գլխաւոր դերակատարներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ծնողներուն՝ որ դաստիարակչական կեանքէն չբացակային, այլ ըլլան կենդանի, որպէս թթխմոր՝ ընկերութեան մէջ իբր որակեալ զանգուած։ Յատկապէս տնտեսական տագնապի պայմաններուն մէջ, ուր դպրոցներ ստիպուած են իրենց դռները փակել, կաթողիկէ ծնողներու որակեալ ներկայութիւնը աւելի կարեւոր է՝ քան միջոցներու քանակը։

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց՝ “Վաճառքի մի դնէք մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները, որոնց վկաներն էք՝ ընտանիքէն ներս, դպրոցի եւ ընկերութեան մէջ։ Առատաձեռնութեամբ տուէք ձեր նպաստը, որպէսզի կաթողիկէ դպրոցը չըլլայ առժամեայ բան մը, աննշան տարբերակ մը՝ կազմաւորման զանազան հաստատութիւններու կողքին։ Համագործակցեցէք՝ որ կաթողիկէ դաստիարակութիւնը ունենայ նոր մարդկայնութեան դիմագիծը։ Ճիգ թափեցէք, որ կաթողիկէ դպրոցները բաց ըլլան բոլորին դիմաց։ Թող Յիսուս, որ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին մէջ աճեցաւ հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով՝ ընկերակցի ձեր քայլերուն եւ օրհնէ ձեր առօրեայ յանձնառութիւնները։”








All the contents on this site are copyrighted ©.