2015-12-05 11:01:00

Ողորմութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին ըմբռնումով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած էր, Սուրբ Մատթէոսի կոչումէն ներշնչուած այս խօսքը ''ողորմութեան աչքերով''։

Ողորմութեան Յոբելենական տաւոյն կոնդակին մէջ ապա Ան գրած է ''Եկեղեցւոյ կեանքը ամուր պահող խոյակը Ողորմութիւնն է''։ ''Ողորմութիւնը ծայրագոյն ու գերագոյն ներգործութիւնն է որով Աստուած կու գայ մեզի հետ հանդիպելու''։

Ի՞նչ է ողորմութիւնը։

Ողորմութիւնը այն ճանապարհն է որ կը միացնէ Աստուած եւ մարդը, որպէսզի մարդը բանայ իր սիրտը յոյսի։ Արդարեւ Աստուած բնաւ չի յոգնիր իր սիրտին դուռը բանալէ մեղաւորին և անոր յայտնելէ թէ կը սիրէ զինք և թէ Ինք կˋուզէ բաժնել իր կեանքը մարդուն հետ։ Յաչս մեղքին ծանրութեան Աստուած կը հակադարձէ ողորմութեան լիութեամբ։

Ողորմութիւնը Աստուածաշունչին մէջ։

Ողորմութեան ճամբով Աստուած կը յայտնէ իր սէրը նման հօր ու մօր սիրոյն։ Այդ սէրը տեսանելի ու շօշափելի դարձաւ Յիսուսի բոլոր կեանքին մէջ։ Անոր անձը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ համակ սէր, գթութիւն ու կարեկցութիւն։ Ուստի Եկեղեցւոյ առաքելութիւնբ է աւետել Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Ողորմութեան ստիպողականութիւն։

Եկեղեցին Յոբելենական տարւոյն ընթացքին կանչուած է ամոքելու եւ խնամելու մարդոց վէրքերը հոգատարութեամբ ու զօրակցութեամբ օգնութեան հասնելու աղքատին։ Սրբազան Հօր գնահատումով մեր ժամանակը ողորմութեան ժամանակ է,  թէեւ ժամանակակից մտայնութիւնը հակառակ է Ողորմած Աստուծոյ և կ՛ուզէ մարդու սրտէն խլել ողորմութեան բառին ծանօթութիւնը քանի ներկայ մարդը ինքզինք կը նկատէ տէրը երկրին։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր քահանայապետութեան արտասանած առաջին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին ըսած էր ''Գթութիւն զգալ, այս բառը կը փոխէ ամէն ինչ` կը փոխէ աշխարհը։ Քիչ մը ողորմութիւն, աշխարհը կը դարձնէ նուազ ցուրտ եւ աւելի արդար։ Մենք կարիքը ունինք հասկնալու Աստուծոյ այս ողորմութիւնը։ Այս ողորմած Հայրը որ լի է համբերութեամբ''։ Քահանայապետը ապա 2015 քառասնորդացի իր պատգամին մէջ գրած էր ''Որքան կը փափաքէի որ Եկեղեցւոյ վայրերը, մեր ժողովրդապետութիւնները եւ մեր հասարակութիւնները դառնային անտարբերութեան ծովուն մէջ ողորմութեան կղզիներ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.