2015-12-05 09:26:00

Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ բացման արարողութեան ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 4 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան Սրահին մէջ, ներկայացումը կատարուեցաւ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան Յոբելենական Տարւոյն բացման արարողութեան եւ Ողորմութեան Տարւոյն առընչուող կարգադրութիւններուն։

Ներկայացումի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահ` գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, որուն յանձնուած է Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն կազմակերպութիւնը, եւ յայտնեց թէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ դռնբացի արարողութիւնը սկիզբ պիտի առնէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, երեքշաբթի 8 դեկտեմբերի առաւօտեան 9,30-ին, որուն սկիզբը Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի չորս սահմանադրութիւններէ (Dei Verbum, Lumen gentium, Sacrosanctum concilium e Gaudium et spes), քաղուած հատուածներ պիտի կարդացուցին, ինչպէս նաեւ պիտի կարդացուին համամիութեան մասին հրատարակուած ''Unitatis redintegratio'' վաւերագիրէն եւ կրօնի ազատութեան մասին ''Dignitatis humanae'' հռչակագիրէն հատուածներ։

Ինչպէս ծանօթ է` 8 դեկտեմբերին կը յիշատակուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու փակումի 50 ամեակը, եւ վերոնշեալ ընթերցումները կ՛ուզեն յատկանշել, Տիեզերական Ժողովի բերած դրական ներդրումը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու անոնց այժմէականութիւնը։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան ապա յայտնեց թէ դռնբացի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ պարզութեամբ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի խնդրէ դրան բացումը ապա մուտք պիտի գործէ ու անոր պիտի հետեւին թափօրով կարդինալները, եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիները եւ հաւատացեալները մինչեւ Սուրբ Պետրոսի դամբանը ուր կ՛եզրափակուի Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը։

8 դեկտեմբերի երեկոյեան, ժամը 19-ին, սուրբ Պետրոսի հրապարակին գմբեթին վրայ պիտի ցուցադրուի  ''Ֆիաթ Լուքս -­ եւ եղեւ լոյս'' վերտառութեամբ պատկերներու  տեսերիզ մը։ Պատկերներ որոնք ներշնչուած են ողորմութեան, մարդկութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան նիւթերէ։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա ապա տեղեկացուց թէ 13 դեկտեմբերին, Յոբելենական տարիներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, բացումը պիտի կատարուի նաեւ աշխարհի աթոռանիստ եկեղեցիներու սուրբ դռներուն։ Ինչպէս ինք եւս կանխապէս  ըրաւ անցեալ 29 նոյեմբերին, Պանկիի մէջ, Ողորմութեան Սուրբ Դուռի բացումով, խորհրդանշելու համար այս արտակարգ Յոբելեանի արժէքի կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Արդարեւ 13 դեկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը բացումը պիտի կատարէ նաեւ իր թեմին Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայի սուրբ Դուռին, ապա ուրբաթ 18 դեկտեմբերին, խորհրդանշական մէկ արարողութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը պիտի կատարէ նաեւ ''Հայր Լուճի Տի Լիեկրոյի'' անուամբ Հռոմի Քարիթասի Ողորմութեան Դուռին եւ սոյն ժեստով Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ այն ողորմութեան ներգործութիւններուն զոր պիտի կատարէ յոբելենական տարուան ընթացին, ամէն ամսուայ մէկ ուրբաթ օր մը, այցելութիւններ կատարելով եւ իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով զանազան կազմակերպութիւններու եւ կարիքաւոր ու մեկուսացեալ անձերու։ Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին, ամիսը մէկ անգամ, շաբաթ օրով տեղի պիտի ունենայ նաեւ Յոբելենական Ընդհանուր ունկնդրութիւն իսկ 25 Յունուարին, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուամբ պազիլիքային մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի նախագահէ Յոբելենական Էքումենիք արարողութիւն մը։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլայ յայտնեց նաեւ թէ Յոբելենական Սուրբ Տարուան բացումի արարողութեան առաջին օրէն իսկ, բոլոր տարուան ընթացին, ամէն օր սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը պիտի կատարուի Սուրբ Պետրոսի արձանին մօտ։ Հուսկ 2016-ին մոխրոց օրը, Նորին Սրբութիւնը յատուկ արարողութեամբ, հրամանագիր պիտի տայ  ողորմութեան 800 առաքեալներուն, որպէսզի կարենան մատակարարել ''լիակատար ներողութեան'' խորհուրդը որ ընդհանրապէս վերապահուած է առաքելական աթոռին։

Վերոնշեալ բոլոր տեղեկութիւնները կը գտնուին Սուրբ Տարուայ յատկացուած պաշտօնական կայքէջին մէջ '' www.im.va'' հասցէով։

Սուրբ Դուռը ունի կարեւոր իմաստ, Ան կը ներկայացնէ նոյնինք Քրիստոսը որ մեզի ըսաւ ''Ես եմ ոչխարներու դուռը''։ Ան ճանապարհն է որ մեզ կը տանի դէպի Հայրը, կեանքի նպատակակէտը` որուն կը ձգտինք բոլորս։








All the contents on this site are copyrighted ©.