2015-12-05 10:23:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդը նախագահական ընտրութեան լուրջ առիթ կը նշմարէ


Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալէն 18 ամիս ետք կը նշմարենք նախագահական ընտրութիւն կատարելու լուրջ առիթ մը, որուն ընդմէջէն երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն կարելի պիտի դուրս բերել` նկատի ունենալով քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու տրամադրութիւնը:

«Հանրապետութեան նախագահը ազգային հաստատութիւններուն անկիւնաքարը կը կազմէ, հետեւաբար անոր ընտրութիւնը անհրաժեշտ է», ընդգծեց եպիսկոպոսներու խորհուրդը:

Մարոնի եպիսկոպոսները ողջունեցին նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը եւ շնորհաւորեցին ապահովական կառոյցներն ու ազատ արձակուածներուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեցին այն ընտանիքներուն, որոնց զաւակները նահատակուեցան իրենց առեւանգման շրջանին:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ դնեն` ազատ արձակելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող մնացեալ ինը բանակայինները` նշելով, որ իրենք կ՛աղօթեն նաեւ եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի ազատ արձակումին եւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ ամբողջ շրջանին խաղաղութեան համար:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց նաեւ Պըրժ Պարաժնէի մէջ արձանագրուած պայթումը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Անոնք դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը եւ կոչ ուղղեցին մարդկութեան զարթնումին ու միջազգային զօրակցութեան` վերջ դնելու համար այդ վայրագութեան:

Խորհուրդը ողջունեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք կը հսկեն Լիբանանի սպառնացող վտանգներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.