2015-12-05 10:35:00

Հայաստան ազատ համացանցով երկիր է. «Ֆրիտըմ Հաուս»


«Ֆրիտըմ Հաուս» (Freedom House) կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Առցանց ազատութիւն» (Freedom on the Net – 2015) զեկոյցը, ուր Հայաստանը ճանչցուած է ազատ համացանցով երկիր:

Ազատ համացանցով երկիր է նաեւ Վրաստանը: Հայաստանի հարեւաններ Թուրքիոյ  եւ Ատրպէյճանի մէջ համացանցը մասամբ ազատ է, իսկ Իրանի մէջ` անազատ:

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Պելառուսիոյ մէջ նոյնպէս համացանցը անազատ է:

Ինչպէս կը հաղորդէ Սիվիլնէթը՝ վկայակոչելով «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, Հայաստանի բարձր վարկանիշը աւելի կարեւոր է, հաշուի առնելով, որ հետազօտութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներու երկու երրորդին մէջ համացանցի ազատութեան վարկանիշը իջած է նախորդ տարուան համեմատ: Իրավիճակը վատագոյնն է Չինաստանի, Սուրիոյ ու Իրանի մէջ: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի վերլուծաբան Լորա Ռիտի խօսքով, եթէ առաջ կառավարութիւնները կը փորձէին արգելափակել անցանկալի բովանդակութիւնը ցանցին մէջ, ապա այժմ աւելցած են սկզբնաղբիւրէն զանոնք վերացնելու փորձերը:

Անդրադառնալով Հայաստանին` վերլուծաբանը հետաքրքրական տարբերութիւն նկատած է առցանց ազատութիւններու եւ աւանդական լրատուամիջոցներու մէջ խօսքի ազատութիւններուն.

«Հայաստանի առցանց միջավայրը կը շարունակէ անհամեմատ աւելի ազատ ըլլալ, քան լրատուամիջոցներու ազատութիւնը, որոնց մէջ ընդգրկուած են աւանդական լրատուամիջոցները»:

Լորա Ռիտի խօսքով, միջազգային փորձագէտները առայժմ չեն գիտեր, թէ առցանց ազատութեան եւ աւանդական լրատուամիջոցներու անազատութեան պայմաններուն մէջ երկրի իշխանութիւնները որ ուղղութեամբ մտադիր են ընթանալու` արդեօք միջավայրի նոյնացումը կ’ընթանայ դէպի մամուլի ազատութիւններու աւելացում, թէ դէպի համացանցի նոր սահմանափակումներ.

«Յուսով ենք, որ Հայաստան կը շարունակէ առցանց ազատ միջավայր մնալ, սակայն մենք մտադիր ենք ուշադիր հետեւելու իշխանութիւններու գործողութիւններուն»:

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ի վերլուծաբանը աւելցուցած է, որ հրապարակուած զեկոյցին ժամանակահատուածը չ՛ընդգրկեր #ElectricYerevan բողոքները եւ անոնց հետեւած որոշ սահմանափակումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.