2015-12-05 11:15:00

Կարդինալ Փարոլին ''Յոբելենական տարին առիթ է նաեւ կերտելու խաղաղութեան ուղիներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Օգոստինեան համալսարանին մէջ, ուրբաթ` 4 դեկտեմբերին ներկայացումը կատարուեցաւ ''Յոբելեանը, Ողորմութիւնը, ֆրանչիսկոս'' վերտառութեամբ գիրքին, որուն հեղինակն է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն` Տիար  Անճելօ Շելցօ։

Այս առթիւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը կարդինալ Փարոլին խօսք առնելով ըսաւ. ''Ողորմութեան Ս. Տարին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար անհրաժեշտութիւն մըն է, որպէսզի մեր ժամանակակից Եկեղեցին դուրս գայ ու ընդառաջէ հեռացած անհատներու հոգեւոր կարիքներուն։ Քրիստոնէութեան ու իսլամութեան համար Ողորմութիւնը Աստուծոյ մէկ յատկութիւնն է, հետեւաբար պէտք ենք հանդիպումներ կազմակերպել քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ։ Ասիկա բարեբեր առիթ մըն է մարդկութեան` ցոյց տալու որ երկու կրօնները կարող են համագործակցիլ ու կիրարկել ողորմութիւնը։

Յոբելենական տարին առիթ մըն է նաեւ կերտելու խաղաղութեան ուղիներ, ժամանակի մը մէջ որ յատկանշուած է ահ ու սարսափով, վախով ու անվստահութեամբ։     








All the contents on this site are copyrighted ©.