2015-12-04 10:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած Յիսնակացի խորհրդածութեան նիստին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ` 4 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, առ ի պատրաստութիւն Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած Յիսնակացի առաջին խորհրդածութեան նիստին­, զոր տեղի ունեցաւ Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ եւ զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան։

Քափուչին միաբանութեան անդամ` Հայր Քանթալամեսսան այս տարուայ քարոզներու որպէս ընդհանուր նիւթ ընտրած է ''Քրիստոս Ժողովուրդներու լոյս'' բնաբանը եւ ուրբաթ 4 դեկտեմբերի առաջին քարոզին նիւթ`''Եկեղեցին մարմին եւ հարս Քրիստոսի''։

Քարոզներուն հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու բոլոր կարդինալները, Արքեպիսկոպոսները, Եպիսկոպոսները, Սուրբ Աթոռի Ժողովներու քարտուղարները եւ Հռոմի Քուրիայի ներկայացուցիչները։

Յիսնակացի խորհրդածութեան նիստին մասնակցելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարդինալ Ժորժ Փելը` Տնտեսութեան Ժողովի Քարտուղար, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի նախագահ` Տիար Պնինիօ Աքուինօ Գ ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա, Մոզամպիքի մօտ առաքելական նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.