2015-12-04 14:07:00

Ֆրանչիսկիոս Պապ մասնակցած է Վատիկանի տնտեսական խորհուրդի ժողովին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց որուն մէջ կը տեղեկացնէ թէ՝  երեկ հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր մասնակցութիւնը բերած է Վատիկանի տնտեսական խորհուրդին գումարած ժողովին։

Նորին Սրբութիւնը ժողովին մասնակցած է քաջալերելու եւ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու խորհուրդի անդամներուն, անոնց կատարած կարեւոր աշխատանքին համար որուն կոչուած են,  Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ ֆինանսական կառոյցներու հսկողութեան ծիրէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութեան ընթացքին  դարձեալ վերահաստատած է խորհուրդին կեդրոնական դերակատարութիւնը՝  Վատիլանի բարեփոխական աշխատանքերու ծիրէն ներս, որ Ինքը անձամբ մօտէն կը հետեւի։

Խորհուրդի աշխատանքներու համակարգիչ՝ կարդինալ Ռէնհարտ Մարքս, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է  Սրբազան Հօր՝ ժողովի ներկայ գտնուելուն համար եւ վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը Ֆրանիչկսո Պապի կողմէ խնդրուած  տնտեսական բարեփոխական  աշխատանքներու  իրականացման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.