2015-12-04 14:01:00

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փիլիպինեան կղզեխումբի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց թէ այսօր 4 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ընդունեց Փիլիպինենան կղզեխումբի հանրապետութեան նախագահ Տիար Պէնիյնօ Աքուինօ Գ, որմէ ետք Նախագահը տեսակցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ կառավարութիւններու  հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին։

 Հանդիպումը Տեղի ունեցած սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին քննարկուեցան  Փիլիպպինեան կղզեխումբի  ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը  ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  բերած նպաստը՝ երկրին։

Յատուկէն անդրադարձ կատարուած է Մինտանօ քաղաքին մէջ խաղաղութեան գործընթացքին. մաղթանք յայտնելով որ հակամարտութեան մէջ գտնուող՝ երկու կողմերու ստանձնած  յանձնառումը՝ կարենայ երաշխաւորել տարածաշրջանի  կայուն եւ հետեւողական  խաղաղութեան։

Իսկ տարածաշրջանին եւ միջազգային գետնի վրայ  տեղի ունեցած է գաղափարներու փոխանակում՝ յատուկէն անդրադառնալով Փարիզի մէջ կայացած կլիմայի փոփոխութեան հարցերու՝ 21 երկիրներու ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.