2015-12-04 10:26:00

Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի. Յոբելինական Տարւոյն դռնբացի արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Յոբելինական Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն առթիւ, Աղեքսանդրիոյ մէջ եւս տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Տարուան Դռնբացի արարողութիւններ։  Արդարեւ­­, Արհիապատիւ Գրիգոր Օգստինոս Քուսան­­, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ, Կիրակի` 13 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին,  սկիզբ կու տայ Ողորմութեան ս. տարւոյն, բացումը կատարելով  Աղեքսանդրիոյ Անարատ Յղութեան նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ Ս. Դրան։

Յաջորդ կիրակին` 20 Դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ան Գահիրէի մէջ եւս բացումը կը կատարէ ս. Դրան, Աւետման նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ։

Ապա Հինգշաբթի` 24 Դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 9.00-ին, Գահիրէի մէջ բացումը կը կատարէ  Սրբուհի Թերեզայի Մանուկ Յիսուսի նուիրուած եկեղեցւոյ ս. Դրան, ուր եւ կը զետեղուի  Մանուկ Յիսուսի արձանը մսուրին մէջ։

Այս առընչութեամբ, Շաբաթ` 19 դեկտեմբերին Ս. Գիրքի ընկերակցութեան անդամները, ի պատրաստութիւն Յոբելենական ս. Տարւոյն եւ Յիսուսի ս. Ծննդեան, մէկ շաբաթ տեւողութեամբ  հոգեւոր կրթութիւն կազմակերպած են։

Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները կանչուած են մասնակցելու վերոնշեալ սրբազան արարողութիւններուն, որպէսզի Յոբելենական տարին դառնայ առիթ օրհնութեան, հաշտութեան, ներումի ու մօտեցում ամենողորմ Տիրոջ ու եղբայրներուն։

Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ողորմութեան ս. Տարուան բացումը կը կատարէ  8 Դեկտեմբերին` տօն Անարատ Յղութեան Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի օրը։ Սուրբ Տարին ապա կ՛եզրափակուի 20 Նոյեմբեր 2016-ին`  Յիսուս Թագաւոր տօնին օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.