2015-12-03 11:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Իտալական ՝՝Քրէտէրէ՝՝ շաբաթաթերթին հետ ունեցած զրոյցը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Իտալական ՝՝Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ պաշտօնական ՝՝Քրէտէրէ՝՝ շաբաթաթերթը, հարցազրոյց կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը

անդրադարձաւ Աստուծոյ ողորմութեան նիւթին եւ անոր կարեւորութեան՝ ժամանակակից աշխարհի մէջ։ Ան նկատեց, թէ Ողորմութեան նիւթը միշտ այժմէական նկատուած է Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, սկսեալ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի օրերէն։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ, որորմութեան նիւթը առ աւելիով կարեւորած է՝ Սրբուհի Ֆաուսթինայի սրբադասումով, եւ “Աստուածային Ողորմութեան” տօնը հաստատելով՝ Զատկուայ Բ. Կիրակին։

“Ներշնչուած իմ նախորդներէս, ըսաւ Ֆրաչնիսկոս Պապ, զգացի Տիրոջ մեծ բաղձանքը՝ մարդոց ցուցաբերելու Իր ողորմութիւնը։ Ողորմութեան նիւթի գաղափարը ես չեմ յղացած, այլ ընկալած եմ յաւերժ գոյութիւն ունեցող աւանդութենէ մը։”

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց այն առթիները, ուր Քահանայապետ ընտրուելէ անմիջապէս ետք, արտայայտուած էր “Ողորմութեան” նիւթիին մասին։ Ան յարեց, թէ առաջին առիթը հանդիսացած է Քահանայապետ ընտրութենէն ետք զուգադիպած առաջին Կիրակի օրը՝ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին. ապա՝ կիրակի, 17 մարտ 2013-ին, Սանթա Աննա ժողովրդապետութեան մէջ արտասանած  քարոզին մէջ։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ այս բոլորը կատարած էր առանց կանխամտածելու, այլ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, զգալով թէ Ան իրմէ բան մը կը խնդրէր։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնլով ժամանակակից աշխարհի մէջ տեղի ունեցած բացասական իրադարձութիւններուն, յարեց թէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ վարժութիւն դարձած է՝ ամէն օր լսել դժբախտ լուրեր եւ գազանական արարքներ, որոնք կը վիրաւորեն Աստուծոյ անունը։ Այս առումով, Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց՝ թէ աշխարհը պէտք ունի յայտնաբերելու՝ որ Աստուած Հայր է, եւ Անոր Ողորմութիւնը ճշմարիտ է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ իր քահանայական եւ եպիսկոպոսական օրերուն, ուր Աստուծոյ Ողորմութիւնը մեծ դեր ունեցած էր, եւ ըսաւ ՝՝Ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ. մեղաւոր մը, որուն Տէրը Ողորմութեամբ նայեցաւ եւ ներեց։ Կը շարունակեմ սխալներ եւ մեղքեր գործել. ամէն 15 կամ 20 օր անգամ կը խոստովանիմ։ Կը խոստովանիմ, որովհետեւ կարիքը կը զգամ, թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը տակաւին իմ վրաս է''։

Հարցազրոյցի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած Աստուծոյ ողորմութեան ու գթութեան իրադարձութիւններուն, յարելով՝ ՝՝Աստուծոյ գթութիւնը մեզ կը մղէ հանդուրժողական կեցուածք ունենալու, աւելի քնքուշ եւ համբերատար ըլլալու՝ մերձաւորին հանդէպ։ Իւրաքաչնիւր անձ պէտք է ըսէ՝ թէ ձախողած մըն եմ, բայց՝ Աստուած զիս կը սիրէ. հետեւաբար ես ալ իմ կարգիս, պէտք է սիրեմ ուրիշները նոյն ձեւով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.